Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Հայաստան-Սփիւռք խմբակցութեան առաջին հանդիպումը ներկայութեամբ՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին

Սփիւռքի գոր­ծե­րու գլխա­ւոր յանձնա­կատար Զա­րեհ Սի­նանեանի հրա­ւէրով՝ Դեկ­տեմբեր 14-ին, Փա­րիզի Warwick պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք խմբակցութեան (Collectif Arménie-Diaspora) հան­դի­պու­մը։ Այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը, որ ծնունդ առած է 2024 Սեպ­տեմբե­րին կա­յացած Հայ­կա­կան հա­մաշ­խարհա­յին գա­գաթ­նա­ժողո­վի ըն­թացքին, հա­մախմբեց շուրջ քա­ռասուն մաս­նա­կից­ներ։ Վիէնի (Իզէռ նա­հանգ) փոխ­քա­ղաքա­պետ Լե­ւոն Սա­քունցի առա­ջար­կին ըն­դա­ռաջե­լով կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­պու­մին նպա­տակն էր հա­մախմբել հայ­կա­կան եր­կու հա­մաշ­խարհա­յին գա­գաթ­նա­ժողով­նե­րու ֆրան­սա­խօս եւ ֆրան­սա­ցի մաս­նա­կից­նե­րը:

Այս տա­րի տեղի ունեցած Հայ­կա­կան երկրորդ հա­մաշ­խարհա­յին գա­գաթ­նա­ժողո­վի ըն­թացքին ֆրան­սա­ցի մաս­նա­կից­նե­րը յանձնա­ռու եղած էին հան­դի­պումներ կազ­մա­կեր­պե­լու Գլխա­ւոր յանձնա­կատա­րին հետ Ֆրան­սա­յի մէջ եւ նոյ­նիսկ կազ­մա­կեր­պե­լու փոքր գա­գաթ­նա­ժողով մը՝ քննար­կե­լու հա­մար առար­կա­յական հար­ցեր: Նպա­տակը Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռքի մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բա­րելա­ւումն էր՝ միաժա­մանակ ամ­րապնդե­լով Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ կա­պերը։ Հա­յաս­տան-Սփիւռք խմբակցութիւնը կը հան­դի­սանայ ահա այս փո­խանակ­ման հար­թա­կի առա­ջին շօ­շափե­լի ար­դիւնքը։

Դեկ­տեմբեր 14-ի ձեռ­նարկը հա­մախմբեց գոր­ծուն ան­դամներ Փա­րիզ­եան շրջա­նէն, ինչ­պէս նաեւ Ֆրան­սա­յի այլ շրջան­նե­րէն՝ շա­րու­նա­կելու հա­մար գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին սկսուած քն­նար­կում­նե­րը եւ կազ­մե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գ­րեր՝ ուղ­ղուած Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մի­ջեւ կա­պե­րու ամ­րա­պնդման:

Սեպ­տեմբե­րին ար­ծարծուած որոշ բնա­բան­նե­րու եւ այդ գա­գաթ­նա­ժողո­վէն քա­ղուած եզ­րա­կացու­թիւննե­րու հա­կիրճ ներ­կա­յացու­մէն յե­տոյ ըն­կե­րա­բան Ալէն Նա­ւարա-Նա­ւասար­դեան հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բա­ժին մը վա­րեց Գլխա­ւոր յանձնա­կատա­րին հետ: Ֆրան­սա­յի մէջ հա­մաժո­ղով­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու գա­ղափա­րը ար­ժա­նացաւ մաս­նա­կից­նե­րու մեծ հե­տաքրքրու­թեան։

Աւար­տին խօսք առաւ Ֆրան­սա­հայ խոր­հուրդի նա­խագահ Դա­նիէլ Քիւրքճեան, որ ծան­րա­ցաւ հայ­կա­կանու­թեան հա­մաշ­խարհա­յին տես­լա­կանին վրայ։ Ան ընդգծեց տնտե­սական զար­գացման, մշա­կոյ­թի եւ կրթու­թեան վրայ կեդ­րո­նացած ծրագ­րե­րու կա­րեւո­րու­թիւնը՝ հե­ռու զուտ քա­ղաքա­կան նկա­տառումնե­րէ:

Աւե­լի ուշ՝ երե­կոյեան, քննար­կումնե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան ընթրի­քի մը շուրջ, որուն ներ­կայ եղաւ նաեւ Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի նոր դես­պան պրն Ար­ման Խա­չատ­րեան, որ յար­գե­լի պատ­ճառնե­րով չէր կրցած մաս­նակցիլ հան­դիպումին։