Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Հայաստանն ու հայկական մշակոյթը մեծարող 10-օրեայ բացառիկ փառատօնը

Դեսպան Խաչատրեան կ՚արտասանէ ողջոյնի խօսքը

Նոյեմբեր 20-ին, Փարիզի մէջ ծայր առաւ «Un Week-end à l’Est» ամէնամեայ մշակութային փառատօնը, որ այս տարի նուիրուած է Հայաստանին՝ «Երեւան» ընդհանուր խորագրով։

Շուրջ տասը օր շարունակ Փարիզի սիրտին վրայ գտնուող նշանաւոր սրահներուն մէջ,– որոնց շարքին՝ Շաթըլէի, Օտէօնի, Ալիանս Ֆրանսեզի թատրոնները, Սէն-Ժերմեն-տէ-Փրէ եկեղեցին, Գրականութեան տունը եւ այլն,– կը ներկայացուի հայկական հարուստ մշակութային համայնապատկերը՝ երաժշտութիւն, գրականութիւն, թատրոն, շարժանկար, պարարուեստ եւ կերպարուեստ։ Փառատօնի բազմաոճ մշակութային նախաձեռնութեան ծիրին մէջ կ՚ընթանան շուրջ երեսուն միջոցառումներ՝ հինգ տասնեակէ աւելի հայ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ։

Բացման հանդիսութիւն

Ալիանս Ֆրանսեզի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։ Ան իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց «Un Week-end à l’Est» փառատօնի կազմակերպիչներուն՝ յանձինս նախագահ Էրիք Վոյի եւ գեղարուեստական ղեկավար Պրիժիթ Պուշառի, սոյն եզակի ծրագրի միջոցով Հայաստանը եւ հայկական մշակոյթը  մեծարելու, երաժշտարուեստը, գրականութիւնը, շարժանկարը, թատերարուեստն ու կերպարուեստը իրենց իւրայատուկ գոյներով ֆրանսացի հազարաւոր հանդիսականներուն ներկայացնելու, Շառլ Ազնաւուրի եւ Սերգեյ Փարաճանովի յոբելեանները մեծ շուքով տօնելու՝ իրենց ընձեռած բացառիկ կարելիութեան համար։

Համերգներու յայտագիրը

Նոյեմբեր 23-ին, Փարիզի Սէն-Ժերմեն-տէ-Փրէ եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Սոնա Յովհաննիսեանի, ներկայացնելով Կոմիտասի, Մխիթար Այրիվանեցիի, Տիգրան Մանսուրեանի, Էդգար Յովհաննիսեանի ստեղծագործութիւններէն ընտրանի մը։

Տասնօրեային առանձին համերգներով հանդէս կու գան ճազ-դաշնակահար Տիգրան Համասեան, ջութակահար Սերգեյ Խաչատրեան՝ դաշնակահար Լուսինէ Խաչատրեանի ընկերակցութեամբ, քանոնահար Նարեկ Կազազեան՝ դուդուկահար Արտիոմ Մինասեանի հետ, ֆրանսահայ դուդուկահար Ռուբէն Կնեազեան, դուդուկահար եւ ազգային այլ նուագարաններու մասնագէտ երաժիշտ Հայկ Քարոյի, թաւջութակահար Արտիոմ Մանուկեան եւ Yerevan calling ճազ-քառեակը, երգչուհի Արփի Ալթօ։

Փառատօնի շրջանակին մէջ բացառիկ անդրադարձ պիտի ըլլայ Շառլ Ազնաւուրի յոբելեանին։ Մեծանուն արուեստագէտին նուիրուած համերգային երեկոյթին կը մասնակցին ֆրանսահայ անուանի դաշնակահար Անտրէ Մանուկեան, ֆրանսացի թաւջութակահար Գամիյ Թոմա եւ բեմադիր Ռոպեր Կէտիկեան։

 

Շարժանկարներու ցուցադրութիւն

Փառատօնին կը ցուցադրուին Սերգեյ Փարաճանովի «Սայեաթ-Նովա» եւ «Հրեղէն ձիերը» ֆիլմերը, Համօ Բեկ-Նազարեանի «Շոր եւ Շորշոր» ժապաւէը՝ Արտիոմ Մանուկեանի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Արտաւազդ Փելեշեանի հեղինակած ֆիլմերէն։ Ժամանակակից հայկական շարժանկարներէն՝ Նորա Մարտիրոսեանի « Si le vent tombe », Թամարա Ստեփանեանի «Կիներու գիւղը», Վահագն Խաչատրեանի եւ Արէն Մալաքեանի «Հինգ երազողները եւ ձին», Շողակաթ Վարդանեանի «1489» գործերը։

 

Թատերական ներկայացումներ

Թատերական ներկայացումներու ծիրին մէջ գրական-երաժշտական երեկոյթով կ՚ոգեկոչուի Միսաք Մանուշեանի յիշատակը, մասնակցութեամբ՝ ֆրանսահայ բեմադիր Սերժ Աւետիքեանի, երաժիշտ եւ երգիչ Վազգէն Սոլաքեանի, ֆրանսացի մեցցօ-սոփրանօ Ասթրիտ Ֆուռնիէ-Լառոքի եւ դերասան Յովնաթան Աւետիքեանի։ Մէկ այլ թատերական երեկոյթի ընթացքին դերասանուհի, բեմադիր եւ երաժիշտ Թաթիանա Սփիվաքովա կը ներկայացնէ գրող, գրականագէտ, հասարակական գործիչ Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը։

Գրական երեկոյթներ

Փառատօնի գրականութեան բաժնին մէջ տեղի կ՚ունենան հանդիպում-քննարկումներ շարք մը գրողներու հետ, ինչպէս՝ Յովիկ Աֆեան, Գրիգոր Պըլտեան, Լուսինէ Աբգարեան, Մարի Պարկուրճեան, Վիգէն Պէրպէրեան, Էլիզ Պօղոսեան, Սոֆի Ֆոնթանել, Սուսաննա Յարութիւնեան, Գլէր Մուրատեան, Վահրամ Մուրատեան, Փընար Սելեք եւ ուրիշներ։

Ցուցահանդէսներ

Փարիզեան ցուցասրահներու մէջ՝ Galerie d’art du Crous de Paris, Librairie galerie Métamorphose, Galerie d’archi Paris-Malaquais կը ցուցադրուին երկու տասնեակէ աւելի հայաստանաբնակ արուեստագէտներու հեղինակած գործերը։ Անոնց մէջ՝ Վահրամ Աղասեան (լուսանկարչութիւն), Արեւիկ Արեւշատեան (քանդակագործութիւն), Էդիկ Պոսոյեան (նկարչութիւն-քանդակագործութիւն), Ռուբէն Գրիգորեան (նկարչութիւն) եւ այլք։

Պարային ներկայացումներով հանդէս կու գայ պարուհի Ռիմա Փիփոյեան, որ կազմակերպիչներուն կողմէ ընտրուած է այս փառատօնի «կնքամայրը»։

Փառատօնի յայտագիրը հասանելի է հետեւեալ յղումով՝ https://weekendalest.com/?lang=fr