Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – «Հայեացք Հայաստանի վրայ՝  նախքան 1914. Տիմիթրի Էրմաքովի երկու ալպոմները »

Կամ՝

Ազգագրագրէտ Երուանդ Լալայեան-Տիմիթրի Էրմաքով գործակցութիւնը

Յունուար 30-ին, Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին գրա­դարա­նի Ռի­շըլիէօ բա­ժան­մունքին մէջ, Ֆրան­սա­յի Արուես­տի պատ­մութեան ազ­գա­յին հիմնարկու­թեան կող­մէ (Institut national d’histoire de l’Art) ներ­կա­յացուեցաւ «Հա­յ-

եացք Հա­յաս­տա­նի վրայ՝ նախ­քան 1914»՝ Տի­միթ­րի Էր­մա­քովի եր­կու լու­սանկա­չական ալ­պոմնե­րը» վեր­նա­գրով բա­նախօ­սու­թիւնը։

Եր­կու ալ­պոմ՝ 250 լու­սանկար, առնուած՝ նախ­քան 1914-ի Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մը՝ 1906-ին, մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ վայելող ռուս լու­սանկա­րիչ Տիմիթրի Էրմաքովի կող­մէ, որոնք կը բացայայտեն հայ­կա­կան աշ­խարհը՝ տե­սարան­ներ, Ռու­սա­կան կայսրու­թեան տի­րապե­տու­թեան տակ գտնուող Արե­ւելեան Հա­յաս­տա­նի Սիւ­նի­քի եւ Գե­ղար­քունի­քի (Նոր Բա­յազէդ եւ Դա­րալա­գիազ) շրջան­նե­րու եկե­ղեցի­ներ, պատ­մա­կան յու­շա­կողոթ­ներ, տե­սարան­ներ, տի­պար­ներ եւ ազ­գագրա­կան ար­ժէք ու­նե­ցող երե­ւոյթներ։

Այս եր­կու ալպոմ­նե­րու բո­վան­դա­կու­թիւնը ներկայացնե­լու հա­մար հրա­ւիրուած էին եր­կու բա­նախօս­ներ՝ Սի­փանա Չագ­րեան (Հնա­գիտու­թեան դոկտոր) եւ Ժե­րոմ Տըլաքուր (Հիմ­նարկութեան լու­սանկար­նե­րու բաժ­նի պա­տաս­խա­նատուն)։

Սրա­հը անսպա­սելիօրէն լե­ցուն էր ամէն տա­րիքի ֆրան­սա­ցի ու հայ արուես­տա­սէր ունկնդիր­նե­րով, զորս գրա­ւած էր Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան լու­սանկար­նե­րուն՝ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի անդրա­դար­ձը, նիւ­թին բո­վան­դա­կու­թիւնը եւ մա­՛նաւանդ, այ­սօր Սիւ­նի­քի եւ Գե­ղար­քունի­քի նկատմամբ Ազեր­պայճա­նի սպառ­նա­լի պա­հանջնե­րը, որոնք այժմէական քա­ղաքա­կան հնչո­ղու­թիւն կու տա­յին այս լու­սանկար­նե­րուն։

Անակնկա­լօրէն աճուրդի հա­նուած այս հա­ւաքա­ծոն, Ֆրան­սա­յի Արուես­տի պատ­մութեան ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւնը (ՖԱ­ՊԱՀ) 2020-ին կ՚որո­շէ գնել, հարստաց­նելու համար իր շտեմարանը, լրաց­նե­լով կով­կա­սեան լու­սանկար­նե­րու հա­ւաքա­ծոյին մէջ մեծ բաց մը։ Հոս պէտք է նշել որ Ժան-Մի­շէլ եւ Նի­քոլ Թիէրի՝ Հա­յաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի, Փոքր Ասիոյ պատ­մամշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րու վե­րաբե­րեալ իրենց հա­րուստ լու­սանկար­չա­կան հա­ւաքա­ծոն, շուրջ 100 000 նկար, կտա­կած են ՖԱ­ՊԱՀ-ին։

Որ­քան որ լու­սանկա­րիչ Էր­մա­քովի աշ­խա­տան­քը կա­րեւոր երե­ւոյթ էր, նոյնքան հե­տաքրքրա­կան էր յայտնա­բերել այն շար­ժա­ռիթը որ զինք մղած էր ատոր։ Այս առու­մով Սի­փանա Չագ­րեանի ու­սումնա­սիրու­թիւնը նուիրուած՝ Երուանդ Լա­լայեանի ազ­գագրա­գիտա­կան աշ­խա­տան­քին, կը պար­զա­բանէր իրա­վիճա­կը։

Լա­լայեան, ըլ­լա­լով «Ազ­գագրա­կան հան­դէս»-ի խմբա­գիր-հրա­տարա­կիչը, եղած է նաեւ Էր­մա­քովի պա­տուի­րատուն՝ լու­սանկա­րելու Սիւ­նի­քի եւ Գե­ղար­քունի­քի շրջան­նե­րը, որոնց մա­սին ըն­դարձակ ու­սումնա­սիրու­թիւն կա­տարած է եւ հրա­տարա­կած իր հան­դէ­սին մէջ, Էր­մա­քովի լու­սանկար­նե­րով հան­դերձ։

Կեն­սագրու­թիւն՝ Երուանդ Լա­լայեանի

Ծնած է 13 Մարտ 1864-ին, Ալեք­սանդրա­պոլ (այժմ՝ Գիւմրի)։ 1885-ին աւար­տած է Թիֆ­լի­սի Ներ­սի­սեան դպրո­ցը եւ աշ­խա­տած է Ախալ­քա­լաք, Ալեք­սանդրա­պոլ՝ որ­պէս ու­սուցիչ։ 1894-ին աւար­տած է Ժը­նեւի հա­մալ­սա­րանի հա­սարա­կագի­տական բա­ժինը։ Վեց ամիս աշ­խա­տած է Վիեն­նա­յի Մխի­թարեան­նե­րուն քով։ Վե­րադառ­նա­լով Անդրկով­կաս, 1895-1897 թուական­նե­րուն դա­սաւան­դած է Շու­շիի թե­մական դպրո­ցը։ Այստեղ հա­մախմբուած այն ժա­մանա­կուան լա­ւագոյն գի­տական ու­ժե­րուն հետ (Մա­նուկ Աբե­ղեան, Թո­րոս Թո­րամա­նեան, Հրա­չեայ Աճա­ռեան, Լէօ, Լե­ւոն Մե­լիք­սեթ-Բեկ, Ս. Լի­սիցեան, Խ. Սա­մուէ­լեան, Ս. Զե­լինսկի եւ այլն)՝ ձեռ­նա­մուխ եղած է «Ազ­գագրա­կան հան­դէս»-ի հիմ­նադրու­թեան (առա­ջին գիր­քը լոյս տե­սած է 1896-ին)։

Ժ. Չ. ■