Մարմնամարզիկներ Արթուր Դաւթեան ու Վահագն Դաւթեան, առաջինը՝ Փարիզի ամառնային 33-րդ Ողիմպիական խաղերու յենացատքի փոխախոյեան, երկրորդը՝ օղակներու վարժութեան 6-րդ, Օգոստոս 6-ին հիւրընկալուեցան Փարիզի ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնի յարկին տակ գործող «Հայաստանի ողիմպիական տան» մէջ, հանդիպում ունեցան հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ երկրպագուներու հետ։
Ձեռնարկին ներկայ էին Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչա, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի եռակի բաժակակիր, Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, ազատ ոճի ըմբիշ Ստեփան Սարգսեան, Հայաստանի մարմնամարզութեան դաշնակցութեան նախագահ Գագիկ Վանոյեան, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան ու մարզիչ Հայկ Նազարեան, Հայաստանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան նախագահ, Եւրոպայի մրցանիշակիր Ռոբերտ Էմմիեան:
Կարէն Գիլոյեան ողջունեց հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան համար: Անգամ մը եւս շնորհաւորելով մեր մարմնամարզիկները Փարիզ-2024-ին ձեռք ձգած արդիւնքներուն համար՝ շեշտեց, որ անոնք ըրին առաւելագոյնը:
Ապա խօսք առաւ տիկին Տոլմաջեան, որ ողջունեց մարմնամարզիկները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որ մեզի պարգեւեցին հպարտութեան եւ յուզումի պահեր, աւելցնելով որ ամբողջ Հայաստանը եւ սփիւռքը մէկ մարդու պէս կը հետեւէր իրենց ելոյթներուն: Ան նաեւ յայտնեց իր ուրախութիւնը, որ Փարիզի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը գործէ «Հայաստանի ողիմպիական տուն»-ը, ինչ որ «Հայաստան-սփիւռք միասնութեան խորհրդանիշն է»:
Ներկաները ողջունեց նաեւ Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչա՝ ընդգծելով, որ Հայաստան Ֆրանսայի համար բարեկամ երկիր է: Շնորհաւորելով Արթուր Դաւթեանը՝ Փարիզի փոխքաղաքապետը յոյս յայտնեց, որ Ողիմպիական յաջորդ խաղերուն ան ոսկէ մետալակիր կը դառնայ:
Իսկ Արթուր Դաւթեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորութիւններուն ու ջերմ ընդունելութեան համար:
«Ուրախ ու հպարտ եմ Ողիմպիական խաղերի արծաթէ մեդալակիր դառնալու առթիւ: Յաջորդ Ողիմպիական խաղերում կը ցանկանամ ոսկէ մեդալը նուաճել»,– ըսաւ ան։
Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականի անդամները նաեւ պատասխանեցին հայ երկրպագուներու հարցումներուն, լուսանկարուեցան անոնց հետ եւ ինքնագրեր բաժնեցին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։