Սեպտեմբեր 20-ին, Փարիզի նշանաւոր « էնթերԳոնթինանթալ – Լը Կրան» պանդոկի շքեղ դահլիճին մէջ հանդիսաւոր ընդունելութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձը, որուն մասնակցեցան Ֆրանսայի կառավարութեան անդամներ, նախագահի աշխատակազմի, պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, շրջանային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ղեկավարներ, հայ եւ ֆրանսացի մշակութային, հանրային գործիչներ ու մտաւորականներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Հանդիսութիւնը ծայր առաւ Հօ-տը-Սէն նահանգի եւ Փարիզի ազգային օփերայի մանկական երգչախումբին կողմէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերու բացառիկ կատարողութեամբ, որուն յաջորդեցին դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի եւ Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ժան-Նոէլ Պառոյի ելոյթները։
Նշենք, թէ վերջինս յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 21-ին, նշանակուեցաւ Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ Արտաքին գործոց նախարար։
Շնորհաւորելով Հայաստանի անկախութեան տօնը՝ տիկին Տոլմաջեան ընդգծեց, թէ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումը հայ ժողովուրդի բազմաթիւ սերունդներու նուիրական երազանքի իրագործումն էր, իր ճակատագիրը տնօրինելու, ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական պետութիւն ստեղծելու անոր հաւաքական կամքի արտայայտութիւնը։
Դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի այս դժուար օրերուն Ֆրանսայի ցուցաբերած աներկբայ աջակցութեան, զօրակցութեան ու անսասան բարեկամութեան համար։
Ժան-Նոէլ Պառօ իր ելոյթին անդրադարձաւ Բերձորի միջանցքի փակման եւ Արցախի դէմ ռազմական ուժի կիրարկման հետեւանքով տեղւոյն հայ բնակչութեան տեղահանման։ “Ֆրանսա ոչինչ կը մոռնայ. ո՛չ միջազգային իրաւունքի խախտումներն ու ուժի անարգել կիրարկումը՝ հակառակ ընթացող բանակցութիւններուն, ո՛չ ալ ժողովուրդին կրած տառապանքը”,– շեշտեց ան, աւելցնելով որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն, Հայաստանի կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին։
Ֆրանսացի դիւանագէտը վերահաստատեց Ֆրանսայի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու ջանքերը Արցախահայութեան՝ անոր հայրենիք վերադարձի իրաւունքի եւ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ։
Պառօ ընդգծեց վերջին տարիներուն ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու մէջ արձանագրուած աննախադէպ յառաջընթացը, ներառեալ՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բնագաւառներու մէջ՝ նշելով, թէ Ֆրանսա կը շարունակէ իր աջակցութիւնը՝ այդ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման համար։
Աւարտին, Փարիզի ազգային օփերայի մանկական երգչախումբը ներկայացուց Շառլ Ազնաւուրի «Քեզի համար, Հայաստա՜ն» եւ «Լա Պոհեմ» ծանօթ ստեղծագործութիւնները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։