Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Նախագահ Մաքրոն խոստացաւ «դիւանագիտական նոր նախաձեռնութիւն» մը՝ Բերձորի միջանցքին ապաշրջափակման ուղղութեամբ

Ան քննարկումներ պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներուն հետ

Օգոստոս 28-ին, Փարիզի մէջ կայացած դեսպաններու հետ հանդիպումին, նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն անդրադարձաւ նաեւ Արցախեան հարցին։ Ան յայտնեց, թէ հանդէս պիտի գայ դիւանագիտական նոր նախաձեռնութեամբ՝ Արցախեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար։

“Այս շաբաթ քննարկումներ պիտի ունենամ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ։ Մենք պիտի պահանջենք Լաչինի մարդասիրական միջանցքին շուրջ գոյացած համաձայնութիւններու լիակատար գործադրումը։ Մտադիր ենք միջազգային մակարդակով սաստկացնել ճնշումը Պաքուի վրայ, որ կը շարունակէ շրջափակուած պահել Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճամբան”,– նշած է նախագահ Մաքրոն։

Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։

Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝