Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Ողիմպիական խաղերու նախօրեակին մասնակցած է «Մարզանքը յանուն կայուն զարգացման» #Sport4SD առաջին համաժողովին, ուր ներկայ գտնուած են նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց եւ Մարզանքի նախարարներ Սթեֆան Սեժուռնէ եւ Ամելի Ուտէա-Գասթերա։
Ֆրանսայի եւ Միջազգային Ողիմպիական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համաժողովին նպատակներէն է նպաստել մարզանքի ներդրումին՝ ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման ծրագրերու շրջանակին մէջ, մինչեւ 2030 թուականը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։