Հինգշաբթի, Յունիս 16-ին «Նոր Սերունդ»-ի տղաքը,– ինչպէս միշտ՝ նման պարագաներու,– բողոքի յանդուգն արարք մը կազմակերպած են Փարիզի մէջ, Ազերպայճանի մշակութային տան առջեւ, ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող, Ազերպայճանի քարոզչական նպատակներով պատրաստուած ժապաւէնի մը ցուցադրութեան առնչութեամբ։
Արդարեւ, այդ կեդրոնին մէջ կը սփռուի «Ճանապարհը՝ դէպի Ղարաբաղ» տիտղոսով ժապաւէն մը, ուր ի միջի այլոց կը ցուցադրուի Շուշին՝ անշո՛ւշտ որպէս ազերպայճանական հող եւ ազերպայճաներէն տարբերակով՝ «Շուշա» ցուցատախտակով։
Նորսերունդական ափ մը երիտասարդները, քաջաբար, հայկական եռագոյնով դրօշներ իրենց ուսերուն, «Շուշին մե՛րն է, ո՛չ՝ Պաքուինը» վանկարկելով յայտնած են իրենց բողոքը։ Փորձած են նաեւ «Շուշի, ոչ՝ Շուշա» արձանագրութեամբ որմազդեր փակցնել շէնքի մուտքին, որուն արգելք հանդիսացած է Ազերպայճանի մշակութային տան ապահովութեան սեփական ծառայութեան անձնակազմը։ Բայց, այդ ընթացքին հայ երիտասարդները յաջողած են Արցախի եւ Հայաստանի դրօշով յարաբերաբար փոքր ինքնակպչուն պիտակներ (autocollants) փակցնել շէնքի ցուցատախտակին, պատուհաններուն եւ պատերուն վրայ։
Այնուհետեւ, Կեդրոնի անձնակազմն ալ դուռ ելած ու բաւական բուռն վիճաբանութեան բռնուած է նորսերունդականներուն հետ։ Ազերի կին մը, որ յայտնապէս այդ Կեդրոնի գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկն էր, խաղաղութիւն գովաբանող, այդ խաղաղութիւնը «խափանող նման արարքներ»-ու ի տես՝ ափսոսանքի քանի մը պճեղ անոյշ խօսքէ ետք՝ շուտով վերագտնելով իր ընդոծին բնազդը բացագանչած է՝ «ըստ երեւոյթին՝ բաւական Հայ չենք սպանած»։
Հակառակ այս ամէնուն, բարեբախտաբար, առանց լուրջ միջադէպի վերջ գտած է բողոքի արարքը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։