Նոյեմբեր 23-ին, Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեանի հետ։
Սրբազան հայրը շնորհաւորած է դեսպան Խաչատրեանը՝ Ֆրանսայի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնելուն կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Հայաստանի դեսպանն ալ շնորհաւորած է Առաջնորդը՝ եպիսկոպոս ձեռնադրուելուն առիթով։
Անոնք միտքեր փոխանակած են թեմին հոգեւոր եւ եկեղեցական կեանքին շուրջ, ընդգծելով ֆրանսահայ հոգեւոր եւ հասարակական կառոյցներու դերակատարութիւնը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։