Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Սուրէն Պապիկեանի հանդիպումը Ֆրանսայի բանակներու նախարար Սեպասթիէն Լըքոռնիւի հետ

Դեկտեմ­բեր 17-ին Ֆրան­սա կա­տարած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցի շրջա­նակին մէջ Հա­յաս­տա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խարար Սու­րէն Պա­պիկեան հան­դի­պում ու­նե­ցած է Ֆրան­սա­յի Բա­նակ­նե­րու նա­խարար Սե­պաս­թիէն Լը­քոռ­նի­ւի հետ։

Հան­դիպման սկիզ­բը նա­խարար Պա­պիկեան իր ցաւակ­ցութիւ­նը յայտ­­նած է Հնդկա­կան ով­կէանո­սին՝ ֆրան­սա­կան Մա­յոթ կղզի­ին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մրրի­կի զո­հե­րուն հա­մար եւ վիրա­ւոր­նե­րուն ալ մաղ­թած է արագ ապա­քի­նում։

Հան­դիպման ըն­թացքին կող­մե­րը քննար­կած են պաշտպա­նու­թեան ոլոր­տին մէջ Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի մի­ջեւ հա­մագոր­ծակցու­թեան ըն­թա­ցիկ հար­ցե­րը։

Սու­րէն Պա­պիկեան ընդգծած է Սե­պաս­թիէն Լը­քոռ­նի­ւի հետ նա­խապէս կնքուած պայ­մա­նագ­րե­րու, ինչպէս նաեւ այս հան­դիպման ըն­թացքին կնքուելիք նոր պայ­մա­նագ­րե­րու նկատ­մամբ բծախնդիր յար­գանքի կա­րեւո­րու­թիւնը։

Եր­կու կող­մե­րը վե­րահաս­տա­տած են, որ իրենց հա­մագոր­ծակցու­թիւնը հիմ­նուած է հաս­տա­տու­թե­նական եւ եր­կա­րաժամ­կէտ սկզբունքնե­րու վրայ։

Սե­պաս­թիէն Լը­քոռ­նիւ հա­ւաս­տած է իր ցան­կութիւ­նը աւե­լի զար­գացնե­լու հա­մագոր­ծակցու­թիւնը։