Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Վերանորոգումէն ետք ա՛լ աւելի փառաւոր տեսք ստացած Աստուածամօր տաճարին հանդիսաւոր բացումը

Արարողութեան ներկայ էր նաեւ վարչապետ Փաշինեան

Փարիզի գլխաւոր խորհրդանիշերէն, աշխարհահռչակ 860-ամեայ Աստուածամօր (Notre-Dame) տաճարը աւերիչ հրդեհէն ետք հինգ ու կէս տարի տեւած հիմնական ու մանրակրկիտ նորոգութիւններով ա՛լ աւելի փառաւոր դարձած՝ մեծ շուքով վերաբացուեցաւ  Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7-ին։

Նախագահ Մաքրոնի կողքին արարողութեան ներկայ էին շուրջ քառասուն երկիրներու առաջնորդներ, կառավարութիւններու ղեկավարներ, ի շարս որոնց ԱՄՆ-ու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա, Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտա։ Ներկայ ղեկավարներու շարքին էր նաեւ վարչապետ Փաշինեան, իր կնոջ հետ։

Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն իր ելոյթին անդրադարձաւ Աստուածամօր տաճարի վերանորոգման աշխատանքներուն եւ ընդգծեց սրբատեղիին վերաբացման կարեւորութիւնը իր երկրին ու ժողովուրդին համար:

Փարիզի արքեպիսկոպոս Լոռան Իւլրիխի գլխաւորած եկեղեցական արարողութենէն ետք հիւրերը շրջեցան վերանորոգուած տաճարին մէջ։ 

Այնուհետեւ Էլիզէի պալատին մէջ Ֆրանսայի նախագահը տուաւ պաշտօնական ընթրիք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ վարչապետ Փաշինեան։ 

Կիրակի, Դեկտեմբեր 8-ի առաւօտեան՝ խորանի օծումով ու յաջորդող պատարագով, որոնց նոյնպէս ներկայ կ՚ըլլար նախագահ Մաքրոն, պաշտօնապէս բացումը կը կատարուէր տաճարին։