Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդի Յուլիս 6-ի նիստին, 9-րդ թաղամասի խորհրդական, «Շրջապատի, կլիմայի, կենսաբազմազանութեան եւ մաքրութեան» յանձնաժողովի նախագահ Ալեքսի Կէօվճեան, «Չօպանեան» հիմնարկին հետ միասնաբար, մաղթանք (vœu) մը ներկայացուցած է, որ կը վերաբերէր Արշակ Չօպանեանի (1872-1954) յիշատակի մեծարման։
Կէօվճեան դիտել տալով հայ մեծ գրողին, բանասատեղծին՝ գրական ասպարէզի կողքին մեծ վաստակը՝ Ֆրանսայի մէջ հայասիրական շարժման մէջ, շաղկապ մը հանդիսանալով Հայ դատի, հայկական մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան աջակից ու պաշտպան ամէն հորիզոնէ ականաւոր դէմքերու միջեւ, անոր ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, մաղթած է, որ մայրաքաղաքիս 9-րդ թաղամասի՝ 9, Ժան-Պաթիսթ-Սէ հասցէի,– ուր ապրած է Չօպանեան մինչեւ իր մահը,– շէնքին ճակատին զետեղուի անոր յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակ մը։
Մաղթանքը ընդունուած է Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։