Քանի մը օր առաջ, Փարիզի քաղաքապետարանը քուէարկած էր Արցախահայութեան՝ Փարիզի պատուոյ քաղաքացիութեան շնորհումը նախատեսող անդրկուսակցական բանաձեւը։ Դեկտեմբեր 13-ին քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած է քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի կողմէ համապատասխան վկայագրի յանձնումի արարողութիւնը՝ Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանին, որ զայն ստացած է յանուն համայն Արցախահայութեան։
Այս առիթով Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութիւնը կը յայտարարէ.
«Իր պատուոյ քաղաքացիութիւնը շնորհելով Ազերպայճանի կողմէ իրենց երկրէն վտարուած Արցախցիներուն, Փարիզի խորհուրդը կը վերականգնէ անոնց վիրաւորուած արժանապատւութիւնը:
Փարիզցի չենք դառնար Փարիզ ծնելով, այլ՝ հոն վերածնելով (Սաշա Կիթրի): Արցախ պիտի վերածնի Փարիզէն:
Մենք մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Փարիզի քաղաքապետ տիկին Անն Հիտալկոյին եւ Փարիզի խորհուրդին, արցախցի մեր բոլոր հայրենակիցներուն անունով»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։