Դեկտեմբեր 11-ին, Հայաստանի դեսպանութեան, Արցախի ներկայացուցչութեան եւ Փարիզի 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Ֆրանսա-Արցախ՝ անխախտ բարեկամութիւն» խորագիրը կրող բարեսիրական համերգը, քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ։ Ձեռնարկին ամբողջ հասոյթը կը տրամադրուի Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն։
Երեկոյթին բացման խօսքով հանդէս եկան դեսպան Տոլմաջեան եւ 5-րդի թաղապետուհի Ֆլորանս Պերթու, իսկ գլխաւոր բանախօսներ՝ ֆրանսացի գրող, հրապարակախօս Սիլվէն Թեսոն եւ «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, ներկայացուցին Ուիլիամ Սարոյեանի եւ Վիքթոր Հիւկոյի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ 19-րդ դարու վերջին Ֆրանսայի մէջ սկիզբ առած Հայասէրներու շարժումին (Le mouvement arménophile) ներկայացուցիչ, ականաւոր պետական գործիչ, Ֆրանսայի կառավարութեան ղեկավար Ժորժ Գլեմանսոյի՝ ի պաշտպանութիւն հայ ժողովուրդին կատարած հրապարակումները։
Տիկին Տոլմաջեան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց թաղապետուհիին՝ յաջակցութիւն Արցախի ժողովուրդին կազմակերպուած համերգի նախաձեռնութեան եւ անոր հիւրընկալման համար։ Դեսպանը նաեւ երախտիքի խօսք ուղղեց Թեսոնին եւ Պիւիսոնին՝ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ի նպաստ իրենց յարատեւ աշխատանքին համար։ Ան անդրադարձաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտման հետեւանքով տեղւոյն բնակչութեան բռնի տեղահանութեան, ստեղծուած անմխիթար կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային սպառնալիքներուն։
Համերգին՝ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեան, դաշնակահարներ Նաթանաէլ Կուէն եւ Ժան-Ֆրանսուա Հեյսէր։
Երեկոյթը համեմուած էր նաեւ ֆրանսահայ լուսանկարիչ Լիտիա Գասպարեանի՝ Արցախի մշակութային կոթողներուն նուիրուած պատկերներու ցուցադրութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։