Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – Շաթնէ-Մալապրիի երկրորդական վարժարանը այսուհետեւ կը կրէ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի անունը

Սեպտեմբեր 13-ի առաւօտեան, Շաթնէ-Մալապրիի մէջ (Հօ-տը-Սէն – 92) տեղի ունեցաւ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան երկրորդական վարժարանի անուանակոչութեան արարողութիւնը՝ գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Քարլ Սեկոյի եւ Հայաստանի դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեանի, ներկայութեամբ՝ Հօ-տը-Սէնի նահանգապետ Ժորժ Սիֆրետիի, Անթոնի/Պուլոնյի ենթանահանգապետ Պընուա Թրեվիզանիի, Վերսայլի ակադեմիայի տեսուչ Էթիէն Շամփիոնի, Հօ-տը-Սէնի ծերակուտական Փիէր Ուզուլիասի եւ բազմաթիւ ընտրեալներու:

Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Դպրոցասէր վարժարանի պատուիրակութիւնը իր տնօրէն Հայկ Սարգսեանի հետ, որոնք յատկապէս հրաւիրուած  էին Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեքրէսի եւ Վերսայլի ակադեմիայի տեսուչ Էթիէն Շամփիոնի կողմէ։

Ծերակուտական Փիէր Ուզուլիաս այս առիթով «X»-ի իր հաշիւին գրած է. «Շաթնէ-Մալապրիի երկրորդական վարժարանը այժմ կը կրէ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի անունը։ Ան կը գտնուի քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ այն վայրէն, ուր Միսաք ապրած է երկու տարի։ Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քաղաքապետին, քաղաքային խորհուրդին եւ ամբողջ կրթական կազմին այս ընտրութեան համար. Փանթէոնէն ետք՝ Մանուշեանները մուտք կը գործեն հանրապետութեան մէկ այլ տաճար՝ հանրային երկրորդական վարժարան մը, ծառայելու՝ աշակերտներու հորիզոնի ընդլայնման»: