Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՇԱՒԻԼ – Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի նոր լոյս տեսած գիրքի շնորհահանդէսը

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան կ՚արտասանէ իր խօսքը. կողքին՝ գիրքին հրատարակիչը՝ Արա Գրիգորեան

LES «JUSTES» FACE AU GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS

«ԱՐԴԱՐՆԵՐԸ»՝ ԴԷՄ-ՅԱՆԴԻՄԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

Դեկտեմբեր 13-ին, Շա­ւիլի սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ «Պա­լապա­նեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հիլ­տա Գալ­ֆա­յեան-Փա­նոսեանի « Les “Justes” face au génocide des Arméniens » գիր­քի շնոր­հա­հան­դէ­սը։ 

Հրայր Հրա­չեան հա­կիրճ ներ­կա­յաց­նե­լով հե­ղինա­կը՝ որ­պէս բա­նաս­տեղծ, ման­կա­վարժ, հո­գեբա­նական գիտու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր (Սոր­պոն հա­մալ­սա­րան), Փա­րի­զի «Մաշ­տոց» Հայ լե­զուի պաշտպա­նու­թեան եւ զար­գացման միու­թեան նա­խա­գահ, շարք մը հա­տոր­նե­րու հե­ղինակ, զայն բարձր գնա­հատեց յատ­կա­պէս հայա­պահպանութեան գծով տա­րած աշխատանքներուն համար։

Յա­ջոր­դեց՝ գիր­քին հրա­տարա­կիչ Արա Գրի­գորեանի խօս­քը։ Ան ըսաւ, թէ սոյն հա­տորը մե­ծապէս պի­տի հետաքրքրէ ըն­թերցո­ղը, քան­զի ան­մի­ջական կապ ու­նի Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ապ­րած հայ ժո­ղովուրդի ճա­կատագ­րին հետ, որուն դէմ-յան­դի­ման՝ հա­մաժո­ղովրդա­կան ճա­նաչ­ման ար­ժա­նացած ար­դարնե­րու պայ­քարն է։ Երէ­կուան ար­դարնե­րու կող­քին, ծա­ւալուն տեղ յատ­կա­ցուած է նաեւ նո­րերուն, այ­սօ­րուան ար­դարնե­րուն, որոնց խօս­քը լսե­լի պէտք է դարձնել աշ­խարհին։

Արա Գրի­գորեան նշեց, որ այս գիր­քին Նա­խաբա­նը ստո­րագ­րող պատ­մա­բան, ցե­ղաս­պա­նագէտ, բազ­մա­թիւ հրա­տարա­կու­թիւննե­րու հե­ղինակ Վեն­սան Տիւքլէռ բարձր կը գնա­հատէ Հիլ­տա Գալ­ֆա­յեան-Փա­նոսեանի այս գոր­ծին բե­րած նո­րու­թիւնը, որ կը վե­րաբե­րի ցե­ղաս­պա­նու­թեան արար­քին քիչ ծա­նօթ կող­մե­րուն, տար­բեր երե­սակ­նե­րուն: 

Այ­նուհե­տեւ ելոյթ ու­նե­ցաւ հե­ղինա­կը եւ ներ­կա­յացուց իր մօ­տեցումնե­րը. ան ըսաւ, թէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կանին հետ զու­գա­հեռ նշուած է բռնա­կալ եւ ոճ­րա­գործ թուրքե­րու կող­քին ար­դա՛ր թուրքե­րու ալ գո­յու­թիւնը եւ պայ­քա­րը, երէկ՝ 1915-ին եւ այ­սօր: Ան­ցեալի փրկա­րար­նե­րուն եւ ոճիր­նե­րուն ընդդի­մացող­նե­րու կող­քին նոյնքա՛ն յար­գանքի ար­ժա­նի են ներ­կայ թուրք մտա­ւորա­կան­նե­րը, արուես­տա­գէտ­նե­րը, գրող­նե­րը, ֆիլմ ար­տադրող­նե­րը, որոնք կը դի­մադ­րեն այժմու թուրք կա­ռավա­րու­թեան Ժխտո­ղական քա­ղաքա­կանու­թեան: Անոնցմէ ոմանք ցմահ բան­տարկուած են, իսկ ու­րիշներ ապաս­տան գտած օտար երկիրնե­րու ափե­րուն: Ցոյ­ցե­րով, յօ­դուած­նե­րով, գիր­քե­րով ու դա­սախօ­սու­թիւննե­րով իրենց ցա­սու­մը կ՚ար­տա­յայ­տեն, թուրք կա­ռավա­րու­թե­նէն պա­հան­ջե­լով գոր­ծուած ոճիր­նե­րը կո­չել իրենց անու­նով: Այս գիր­քը պատ­մա­կան փաս­տե­րով, ան­հատնե­րու անուննե­րով, դի­ման­կարնե­րով, իրա­դար­ձութիւննե­րու ժա­մանա­կագ­րա­կան կար­գով եւ լու­սանկար­նե­րով երախ­տա­գիտու­թեան բաց նա­մակ մըն է ուղղուած բո­լոր այն ան­հատնե­րուն, որոնք յա­նուն ար­դա­րու­թեան պայ­քար կը մղեն մե­զի հետ եւ մեր կող­քին:

Շնոր­հա­հան­դէ­սին ներ­կայ էր Շա­ւիլի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր հո­վիւ Գուրգէն վրդ. Աղա­պապեան. ան իր խօս­քին մէջ յատ­կա­պէս նշեց. “Հիլ­տա Գալ­ֆա­յեան-Փա­նոսեանը ես գի­տէի իբ­րեւ բա­նաս­տեղծ, հո­գեբան, հա­յոց լե­զուի պահ­պա­նու­թեան ու պաշտպա­նու­թեան նուիրեալ, իսկ այ­սօր ունկնդրե­լով զինք, թեր­թա­տելով այս գիր­քը, պէտք է ըսեմ, որ ան նաեւ պատ­մա­բան է։ Իր ըն­դարձակ մա­տենա­գիտու­թեամբ այս հա­տորը վա­ւերագ­րա­կան ար­ժէք ու­նի եւ օգ­տա­կար՝ բո­լորին”։ 

Երե­կոյ­թը աւար­տե­ցաւ հիւ­րա­սիրու­թեամբ, ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ։ 

Եւ ահա ըն­թերցո­ղի սե­ղանին է գիրք մը եւս, ուր կ՚ու­րուագ­ծուի մարդ-ան­հա­տի,– ան­կախ ազ­գա­յին պատ­կա­նելիու­թե­նէն,– քա­ջու­թիւնն ու հա­մար­ձա­կու­թիւնը՝ յա­նուն ար­դա­րու­թեան։

Ան­կեղծ ըլ­լա­լով պէտք է խոս­տո­վանիմ, որ տա­կաւին չեմ կրցած այս գիր­քը ամ­բողջու­թեամբ կար­դալ, սա­կայն մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւրը նոյ­նիսկ թեր­թա­տելով էջե­րը պատ­կե­րացում մը կ՚ու­նե­նայ բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին։

Եւ ի վեր­ջոյ, ի՞նչ կու տայ « Les “Justes” face au Génocide des Arméniens » խո­րագի­րը կրող այս գիր­քը հա­մաշ­խարհա­յին աղէտ­նե­րու, պա­տե­րազմնե­րու այս դա­րաշրջա­նին, երբ տա­կաւին ան­մեղ մար­դիկ կը զո­հուին, բռնի կը տե­ղահա­նուին, մինչ 109 տա­րուան մեր ար­դար պայ­քա­րէն ետք, ոչ միայն Թուրքիա չէ ճանչցած Հա­յոց ցե­ղապա­նու­թեան փաս­տուած իրո­ղու­թիւնը, այ­լեւ կորսնցու­ցինք Ար­ցա­խը։

Ճշմար­տութեան պար­տադրան­քով ըսեմ, որ նման վա­ւերագ­րա­կան գիր­քե­րը մեր պատ­մութեան կա­րեւոր ու անհրա­ժեշտ փաս­տարկներն են, որոնց մի­ջոցով է որ կը կա­րողա­նանք մեր ձայ­նը լսե­լի դարձնել։

Ան­տարբե­րու­թիւնը չա­րիք է, որու հե­տեւան­քով ալ կորսնցու­ցինք մեր չքնաղ Ար­ցա­խը։

Շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնենք գիր­քին հե­ղինակ Հիլ­տա Գալ­ֆա­յեան- Փա­նոսեանին, հրա­տարա­կիչ Արա Գրի­գորեանին եւ նա­խաբա­նը գրող պատ­մա­բան Վեն­սան Տիւքլէ­ռին, նման ծա­ւալուն եւ ար­ժէ­քաւոր գիրք հրա­տարա­կել­նուն, հին ու նոր ար­դարնե­րու պայ­քա­րին ձայ­նը աշ­խարհին լսե­լի դարձնել­նուն հա­մար, որ յար­գանքի տուրք է բո­լոր անոնց, որոնք առանց սահ­մաննե­րու, նոյ­նիսկ մա­հը աչ­քի առ­նե­լով, ճշմար­տութեան նուիրած են իրենց կեանքը։

ԱՆԺԵԼԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ