Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – Փլեսի-Ռոպենսոն – ՇԷՆ-ի տարեկան տօնավաճառն ու տօնախմբութիւնը

Շէնի տօ­­նավա­­ճառը փա­­րիզա­­հայու­­թեան Նոր տա­­րուան հա­­մար հայ­­կա­­­կան նուէր­­նե­­­րու, ու­­տեստնե­­րու, գի­­նինե­­րու շտե­­մարա­­նը դար­­ձած է։ 1992-էն ի վեր ար­­դէն հաս­­տա­­­տուած աւան­­դութիւն է։ Ամէն տա­­րի շուրջ 1500-էն 2000 այ­­ցե­­­լու­­ներ կու­­գան իրենց տա­­րեվեր­­ջի գնումնե­­րու գո­­նէ մէկ մա­­սը այստե­­ղէն կա­­տարե­­լու։ Տօ­­նավա­­ճառի սե­­ղան­­նե­­­րուն վրայ կա­­րելի է գտնել, Հա­­յաս­­տա­­­նէն բե­­րուած սե­­ղանի ձե­­ռագործ ծած­­կոց, բար­­ձի երես, կա­­ւագոր­­ծե­­­րու ար­տադրու­թիւններ, յախ­­ճա­­­պակի­­ներ, քա­­րէ ու փայ­­տէ քան­­դակնե­ր, ոս­­կերչա­­կան իրեր, գո­­հարե­­ղէն, այ­­բուբե­­նային գոր­­ծեր, պուպրիկ­­ներ, գուլպայ, գորգ, երաժշտա­­կան գոր­­ծիք, դրոշ­­մա­­­թուղթ։ 

Ֆրան­սա­յի մէջ, Շէ­­նի տա­րեկան այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը,– որ ինչպէս քա­նի մը տա­րի է, այս տա­րի եւս տե­ղի ու­նե­ցաւ Փլե­սի-Ռո­պեսո­նի Արուես­տից տան մէջ, Դեկ­տեմբեր 7-ին եւ 8-ին,– դար­­ձած է Հա­­յաս­­տա­­­նի ժո­­ղովրդա­­յին արուեստնե­­րու մե­­ծագոյն տօ­նավա­ճառը։ Այս տա­­րի, նկա­­տի ու­նե­­­նալով 2023-ին ար­­ցախցի­­ներու տե­­ղահա­­նու­­մը, բնա­­կանա­­բար յատ­­կանշա­­կան տեղ յատ­­կա­­­ցուած էր ար­­ցա­խահա­յու­թեան ձե­­ռագործնե­­րուն։ Անոնք Հա­­յաս­­տան հաս­­տա­­­տուե­­լով, իրենց ապ­­րուստը ճա­­րելու հա­­մար զա­­նազան յու­­շա­­­նուէր­­ներ ու ձե­­ռային գոր­ծեր ար­տադրած են։ Սիւ­­նի­­­քի մար­­զը եւս չէր մոռ­­ցուած, որուն «Սե­­րամարտ» յախ­­ճա­­­պակի­­ներու աշ­­խա­­­տանո­­ցի ար­­տադրու­­թիւննե­­րը, ինչպէս նաեւ Գո­­րիսէն «Տա­­րազ» կի­­ներու կա­­րի աշ­­խա­­­տանո­­ցի ար­­տադրան­­քը Փա­­րիզ հա­­սած էին վա­­ճառ­­քի հա­­մար։ 

Շէ­­նի տօ­­նավա­­ճառը նաեւ տօ­­նախմբու­­թիւն է, այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րը կու գան հին ըն­­կերնե­­րու հան­­դի­­­պելու։ Սրճա­­րան-ճա­­շարա­­նը միշտ բաց է մտե­­րիմ­­նե­­­րու, նոր ու հին ըն­­կերնե­­րու, ծա­­նօթ­­նե­­­րու հա­­մար, որոնք բա­ժակի մը կամ կէ­­սօրուան ճա­­շի մը շուրջ զի­­րար կը վե­­րագտնեն։ Շա­­բաթ երե­­կոյեան մեծ հաց­կե­րոյթն ալ «շէ­­նական»-նե­­րու տա­­րեկան հան­­դիպման վայրն է, ուր կը վե­­րահաս­­տա­­­տեն իրենց «շէ­­նակա­ն»-ի ուխտը։

Տօ­­նավա­­ճառի կա­­րեւոր սե­­ղան­­նե­­­րէն է նոր հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու վա­­ճառ­­քին յատ­կա­ցուա­ծը, հե­­ղինակ­­նե­­­րու ներ­­կա­­­յու­­թեամբ։ Այս տա­­րի շուրջ երե­­սուն նոր վեր­­նա­­գրեր ներ­­կա­­­յացուած էին։ Կա­­րեւոր նա­­խաձեռ­­նութիւն մը՝ հե­­ղինակ­­նե­­­րուն հետ ծա­­նօթա­­նալու եւ անոնց աշ­­խա­­­տան­­քի տա­­րած­ման նպաս­­տե­­­լու։ 

Ինչպէս քա­նի մը տա­­րիէ ի վեր, 2024-ին եւս կազ­մա­կեր­պուած լու­­սանկար­­չա­­­կան մրցոյ­­թին շուրջ քսան հո­­գի մաս­­նակցած է. այս տա­րուան յաղ­թա­կանն է տի­­կին Մա­­րալ Գա­­րաօղ­­լանեան, որ լու­­սանկա­­րած է իր թոռ­­նի­­­կը։

2024-ի տօ­­նավա­­ճառի նո­­րու­­թիւննե­­րէն էր եր­­կու հան­­րա­­­յին դա­­սախօ­­սա­կան հան­­դի­­­պումնե­­րու կազ­­մա­­­կեր­­պումը. առա­­ջինը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ, Դեկ­տեմբեր 7-ի երե­կոյեան, կը վե­­րաբե­­րէր Ար­­ցա­­­խի եւ ար­­ցախցի­­ներու վե­­րադար­­ձի հար­­ցին, որուն հա­­մար իբր բա­­նախօս հրա­­ւիրուած էին Ֆրան­սա­յի մէջ Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան մնա­յուն ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Յով­­հաննէս Գէոր­­գեան եւ Փուաթիէի հա­մալ­սա­­­րանի դա­­սախօս, Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու պատ­­մութեան մաս­­նա­­­գէտ Ժիւ­­լիէն Զա­­րիֆեան, որ ներ­­կա­­­յացուց Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղի նուիրուած՝ իր գլխա­­ւորու­­թեամբ խմբա­­յին հրա­­տարա­­կու­­թիւնը՝ « La chute du Haut-Karabakh arménien (2020-2023) et le jeu des puissances ».

Հա­տորը հա­ւաքա­ծոյ մըն է Ար­­ցա­­­խի ան­­կումին մէջ մեծ տէ­­րու­­թիւննե­­րու դե­­րակա­­տու­­թեան մա­­սին՝ աշ­­խարհա­­քաղա­­քակա­­նու­­թեան ու մի­­ջազ­­գա­­­յին քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մաս­նա­գէ­­տ­նե­­­րու ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու։ Յով­­հաննէս Գէոր­­գեան ալ կա­­րեւոր դի­­տար­­կումներ ըրաւ իր դի­­ւանա­­գիտա­­կան փոր­­ձա­­­ռու­­թեան վրայ հիմ­­նուելով։

Իսկ Կի­­րակի օր տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ երկրորդ հան­­դի­­­պում-զրոյ­­ցը, նուիրուած՝ Երու­­սա­­­ղէմի հայ­­կա­­­կան թա­­ղամա­­սին. բա­նախօ­սեցին պատ­­մա­­­բան Յա­­րու­­թիւն Գէոր­­գեան եւ թան­­գա­­­րան­­նե­­­րու կալուածին մէջ արտադրող եւ բե­­մավար Յա­­րութ Պէզ­­ճեան, որոնք եր­­կուքն ալ իբր խորհրդա­­տու եւ մաս­­նա­­­գէտ մաս­­նակցած են Երու­­սա­­­ղէմի Պատ­­րիար­­քա­­­րանի թան­­գա­­­րանի՝ Musée arménien Edward et Helen Mardigian-ի վե­­րակազ­­մա­­­ւոր­ման եւ վե­­րայար­­դա­­րման, Ար­­մէն Մու­­թա­­­ֆեանի հետ միասին։ 

Եր­­կու բա­­նախօս­­ներն ալ մեծ վրդո­­վու­­մով անդրա­­դար­­ձան Երու­­սա­­­ղէմի պատ­­րիար­­քա­­­րանի «Կո­­վերու պար­­տէզ»-ի վա­­ճառ­­քին գայ­­թակղա­­լի անցքե­­րուն, սա­­ղիմա­­հայ երի­­տասարդնե­­րու քա­­ջարի պայ­­քա­­­րին, որուն շնոր­­հիւ կա­­րելի եղաւ կա­­սեց­­նել վա­­ճառ­­քը, առանց ան­­պայման ապա­­հովու­­թիւնը ու­­նե­­­նալու որ գոր­­ծարքը կա­­րելի է յետս կո­չել, որով­­հե­­­տեւ 2 մի­լիոն տո­­լարի կան­­խավճար ստա­­ցած է Պատ­­րիար­­քա­­­րանը։ Ընդգծուեցաւ յատ­­կա­­­պէս Պատ­­րիար­­քին ան­­պա­­­տաս­­խա­­­նատ­­ւութիւ­­նը այս գոր­­ծարքին մէջ… Շատ ան­­պա­­­տուա­­բեր գոր­­ծո­­­ղու­­թիւն մը հայ առա­­քելա­­կան եկե­­ղեցա­­կան­­նե­­­րու կող­­մէ, որոնք հա­­յապատ­­կան կա­­լուած­­ներ ան­­պա­­­տաս­­խա­­­նատու կեր­­պով վա­­ճառած են։ 

Բա­­նախօ­­սու­­թիւնը վերջ գտաւ վե­­րանո­­րոգ թան­­գա­­­րանի գանձե­­րուն նուիրուած տե­­սերի­­զով մը, ուր կը ներկայացուէր նաեւ Երու­­սա­­­ղէմի մէջ հա­­յու­­թեան պատ­­մութիւ­­նը, անոր կու­­տա­­­կած մշա­­կու­­թա­­­յին ու պատ­­մա­­­կան հարստու­­թիւննե­­րու ցու­­ցադրու­­թեամբ։

Ժ. Չ.