Search
Close this search box.

ՓԵՔԻՆ – Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման երեկոյթ՝ Հայաստանի դեսպանատան մէջ

Ապրիլ 24-ին, Փեքինի մէջ Հայաստանի դեսպանատան յարկին տակ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած երեկոյթ մը։ 

Դեսպանատան շրջափակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ խնկարկման եւ մոմավառութեան արարողութենէն ետք, դեսպան Վահէ Գէորգեան, դեսպանութեան աշխատակիցները, Չինաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներն ու այդ երկրին մէջ կրթութiւն ստացող հայ ուսանողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։ Այնուհետեւ ներկաները դիտած են Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Ատանայի մէջ ծնած» (Born In Adana) ֆիլմը։

Վաւերագրական ժապաւէնին մէջ կը ներկայացուի 93-ամեայ Անդրանիկ Դեղարարեանի պատմութիւնը, որ կը սկսի 1915-ին Տիգրանակերտէն իր ծնողաց տեղահանութեամբ։ Այդ ժամանակաշրջանի հազուագիւտ արխիւային տեսանիւթերով հարուստ այս ֆիլմին մէջ կը ներկայացուին կորուստի, դժուարութիւններու եւ ներքին ուժի անմոռանալի դրուագներ։ 

Աւարտին ելոյթ ունենալով՝ դեսպանը յիշեցուցած է նախորդող տարիներուն ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի կատարած հսկայական աշխատանքները՝ նշելով․ «Կանխարգիլումը միայն այսօրուան կանխարգիլումը չէ, ան յիշողութիւնն է, զոհերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է։ Պէտք է ըլլանք նախանձախնդիր եւ հետեւողական»։