Search
Close this search box.

Օլիվիէ Տըքոթինյի. «Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին առանց նախապայմանի, ամբողջական եւ հաստատուն է»

Յունուար 13-ին, Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած ասուլիսին, Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի վերահաստատած  է Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին։

«Այն աջակցութիւնը, որ Ֆրանսա կը ցուցաբարէ Հայաստանին, շատ աւելի յստակ կերպով ներկայացուած է նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ՝ առանց նախապայմանի, ամբողջական եւ հաստատուն»,– ընդգծած է դեսպանը։

Ան խաղաղութիւն մաղթած է Հայաստանին՝ նշելով, թէ բառերը բաւարար չեն խաղաղութեան հասնելու համար, հետեւաբար ինք անգամ մը եւս կը վերահաստատէ Ֆրանսայի յանձնառութիւնը Հայաստանի խաղաղութեան նկատմամբ։

«Սա տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ եւ արդար խաղաղութեան  յանձնառութիւն է, բայց նաեւ յանձնառութիւն է Հայաստանի կողքին ըլլալու, պահպանելու անոր տարածքային ամբողջականութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը»,– եզրափակած է դեսպան Տըքոթինյի։