Search
Close this search box.

Ֆետերիքօ Ֆելլինիի նամակը՝ Սերգեյ Փարաճանովին

Իտալացի նշանաւոր բեմադիր Ֆետերիքօ Ֆելլինի 1971 Նոյեմբեր 10 թուակիր նամակ մը գրած է Սերգեյ Փարաճանովին, ուր շնորհակալութիւն յայտնած է հուցուլական* գուլպաներուն համար: 

Սա Ֆելլինիի՝ հայ բեմադիրին ուղղուած միակ պահպանուած յայտնի նամակն է, թէեւ Փարաճանով եւ ընկերները իրենց պատմութիւններուն մէջ կը նշեն, որ արուեստագէտը գրած է այլ նամակներ ալ, ներառեալ՝ բանտ ուղարկուածները։

Նամակին հիման վրայ Փարաճանով գոլաժ մը պատրաստած է, օգտագործելով նաեւ Պենվենութօ Չելլինիի “Perseo” քանդակին վերատպութիւնը: Փարաճանով ծածկած է արձանին գլուխը՝ այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, որ Perseo-ն ինքզինք գլխատած է:

* Հուցուլները արեւելեան սլաւ ցեղային խումբ մըն են, որոնք կ՚ապրին արեւմտեան Ուքրաինայի եւ Ռումանիայի տարածքին (Պուքովինայի եւ Մարամուրեշի շրջանները)։