Search
Close this search box.

Ֆիտան. «Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները կը բարելաւուին, երբ որ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքուի»

«Türkiye» թերթի հետ հարցազրոյցին՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, թէ «Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները կը բարելաւուին, երբ որ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքուի»։

Ան աւելցուցած է, թէ Անգարա՝ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը կը համարէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման կարեւոր տարր։

“Մենք առաւելագոյն աջակցութիւնը կը ցուցաբերենք համաձայնութիւններու գոյացման եւ ուրախ ենք տեսնելով, որ կողմերը կը մօտենան այդ փուլին։ Սահմաններու զատման վերաբերեալ վերջին որոշումները այս յառաջընթացի լաւագոյն օրինակն են”,– նշած է Ֆիտան։