Search
Close this search box.

ՖՄԿ-ի լիիրաւ անդամ 54 պետութիւններ զօրակցութիւն յայտնած են Հայաստանին

Հոկտեմբեր 5-ին, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 19-րդ վեհաժողովի շրջանակին մէջ որդեգրուած է «Ֆրանսախօս տարածաշրջանին մէջ ճգնաժամային իրավիճակներու, անոնց յաղթահարման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերող բանաձեւը», ուր Կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ 54 պետութիւններ զօրակցութիւն յայտնած են Հայաստանին եւ ընթացող խաղաղութեան հոլովոյթին։  

Բանաձեւին մէջ ընդգծուած է Հայաստանի ու Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը։ Անդամ պետութիւնները ողջունած են 2024 Ապրիլ 19-ի արձանագրութեամբ վերահաստատուած սկզբունքներու հիման վրայ երկու երկիրներու միջպետական սահմանագիծի վերականգնման ուղղութեամբ գոյացած յառաջընթացը, խրախուսելով տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացումը՝ ինքնիշխանութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներու յարգանքի հիման վրայ: Ընդգծուած է ուժի կիրարկման բացառման անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ եղած է ձեռնպահ մնալու ռազմատենչ հռետորաբանութենէն ու ատելութեան խօսքէն, որ կրնայ խոչընդոտ հանդիսանալ խաղաղութեան հոլովոյթին։

Բանաձեւը շեշտած է նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան (EUMA) կարեւորութիւնը եւ սահմանամերձ շրջաններու մէջ վերջինիս ներդրումը՝ կայունութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մէջ։ 

Բանաձեւը ընդգծած է Արցախէն բռնի տեղահանուած 115 հազար գաղթականներուն շարունակական մարդասիրական աջակցութեան ապահովման, ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետացածներու խնդիրներու լուծման անհրաժեշտութիւնը եւս։ ՖՄԿ-ն վերահաստատած է նաեւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման առնչութեամբ իր մտահոգութիւնը եւ Արցախի ու անոր յարակից տարածքներ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութեան իրականացման հարցին մէջ անդամ երկիրներու հրատապ աջակցութիւնը։