Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – France Télévisions-ի աւագ թղթակից Անիէս Վահրամեան նշանակուած է Franceinfo ձայնասփիւռի ղեկավար

France Télévisions-ի աւագ թղթակից (grand reporteur) Անիէս Վահրամեան Սեպտեմբեր 16-էն պիտի ստանձնէ Franceinfo ձայնասփիւռի ղեկավարութիւնը՝ փոխարինելով Ժան-Ֆիլիփ Պայը, որ կը միանայ RMC/BFM-TV-ին։ Լուրը յայտարարեց Երեքշաբթի, Օգոստոս 27-ին Radio France,հաստատելով Figaro-ի տեղեկատւութիւնը:

Լրագրողուհին ծանօթ է France 2 հեռատեսիլի կայանի դիտողներուն, ուր ան աշխատած է երեսուն տարի. մինչեւ վերջերս, Վահրամեան France Télévisions-ի թղթակիցն էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Ուքրաինայի պատերազմը լուսաբանելէ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ նշեալ կայանի թղթակիցի պաշտօնը ապահովելէ ետք:

2010-ականներուն ան վարած է «Envoyé special»-ի գլխաւոր խմբագրի, France 2-ի խմբագրութեան փոխտնօրէնի եւ Տաւիտ Փիւժատայի ներկայացուցած ժամը 20-ի լուրերու գլխաւոր խմբագրի պաշտօնները։ 

Այժմ, Անիէս Վահրամեան կը պատրաստուի ստանձնելու Ֆրանսայի երրորդ ձայնասփիւռի կայանի ղեկը, ուր ան պիտի կարենայ լաւապէս օգտագործել իր «հեռաւոր վայրերէ՝ իրավիճակի լուսաբանման եւ կառավարման կրկնակի փորձառութիւնը»,– կը յայտնէ Radio France: