Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Անսի. «Աւրորայի լուսաբացը» կենդանապատկերին անդրանիկ ցուցադրութիւնը

«Աւրորայի լուսաբացը» (կամ՝ «Արշալոյսի լուսաբացը» – «Aurora’s Sunrise» կենդանապատկերին (film d’animation) անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Անսիի փառատօնին, որ կ՚ընթանար այս օրերուն՝ Յունիս 13-էն 18։ Անսիի նշեալ փառատօնը կը վայելէ համաշխարհային համբաւ ու կը համախմբէ կենդանապատկերներու աշխարհի ամենամեծ անունները, առիթ կ՚ընծայէ նշելու ստեղծագործականութիւնը եւ ներկայացնելու կենդանապատկերի ոճերու ու արհեստագիտութեան բազմազանութիւնը:

Բեմադիր Իննա Սահակեանի 1 ժամ 36 վայրկեաննոց վերոնշեալ գեղարուեստական  ժապաւէնը կը պատմէ դեռահասի մը՝ Աւրորա Մարտիկանեանի մասին, որ ցեղասպանութենէն վերապրողէն կը դառնայ հոլիվուտեան աստղ: Ընտանիքի կորուստը, ստրկութենէն փախուստը, կրած հոգեխոցումները, Հոլիվուտի ագահութիւնը… Մէկ խօսքով, Աւրորա երկար ճամբայ կը կտրէ՝ աշխարհին պատմելու համար իր ժողովուրդին ողբերգութիւնը: Աւրորայի երկար ժամանակ մոռցուած կամ անտեսուած խիզախութիւնը, ոդիսականը կեանքի կը կոչուին այս եզակի վկայութեան շնորհիւ, արխիւային նկարներու եւ կենդանապատկերի կախարդանքին միջոցով:

1915-ին, ընդամէնը 14 տարեկան Աւրորա ապրեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սարսափները: Մէկ տարուան ժամանակամիջոցին ան ականատես եղաւ իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն մահուան, կորսնցուց ամէն ինչ եւ վաճառուեցաւ թրքական հարեմի մը: Բայց ցուցաբերելով անսովոր խիզախութիւն,– քիչ մըն ալ բախտին օգնութեամբ,– ան  յաջողեցաւ փախչիլ Ամերիկա, ուր անոր պատմութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց:

2015-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, Զօրեան հիմնարկը համագործակցութեան պայմանագիր կնքած էր Հայաստանի Bars Media-ի հետ՝ վաւերագրական այս կենդանապատկերը պատրաստելու համար, որ պիտի հիմնուէր Աւրորա Մարտիկանեանի ոդիսականին վրայ։ «Աւրորայի լուսաբացը» ստեղծուած է Հայաստանի Զօրեան հիմնարկի ակադեմական ներդրումով, որ հիմնուած է ենթակային բանաւոր վկայութեան արխիւին վրայ (նկարահանուած Զօրեան հիմնարկին կողմէ 1984 Յունուար 29-ին):

Այս ֆիլմին պատրաստութիւնը արժած է մէկ միլիոն տոլար։