Նախագահ Մաքրոնէն ետք, Արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ եւս ընդգծած է Ֆրանսայի շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանին։ Ան, Յունուար 19-ին, երկրի դիւանագիտական կազմին յղուած իր մաղթանքներու ուղերձին մէջ ընդգծած է.
“Մենք պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնը Հայաստանին։ Հայաստան ու Ազերպայճան ի վերջոյ պէտք է յանգին խաղաղութեան. արդար եւ կայուն խաղաղութիւն մը հիմնուած՝ միջազգային իրաւունքի եւ երկու պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ։
Այս տարածաշրջանի բնակչութիւնները պէտք է կարենան արժանապատիւ ապրիլ։ Անոնք պէտք է կարենան ապրիլ այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր կը յարգուին անոնց յիշողութիւնը, անոնց պատմութիւնն ու մշակոյթը”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։