Կեդրոնական Ֆրանսայի Սէն-Շամոն հայաշատ քաղաքի «Սէնթ Մարի» երկրորդական վարժարանի բակի պատերուն վրայ Ապրիլ 29-ի առաւօտեան յայտնաբերուած են հակահայ արձանագրութիւններ։
Թրքական ազգայնապաշտ «Գորշ գայլեր» շարժումին ստորագրութիւնը կրող այս արձանագրութիւնները հայոց ուղղուած մահուան կոչեր են կամ հայհոյանքներ։
«Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը Ֆրանսայի մէջ արգիլուած էր, բայց եւ այնպէս կը թուի, թէ կը շարունակէ գործել առօք-փառօք։
Ուստի, Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը դիմած է Ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանէնին, անկէ խնդրելով որ 2020 Նոյեմբեր 4-ի պետական որոշումով հրահանգուած այդ կազմակերպութեան լուծարումը դառնայ գործնական եւ դատական քայլերու ձեռնարկուի զայն վերականգնելու նախաձեռնութեան դէմ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։