Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի շնորհուած է հեղինակաւոր «Հանրի-Կալ» մրցանակը

 

Ֆրանսական կաճառի՝ գրականութեան հեղինակաւոր «Հանրի-Կալ» մրցանակը շնորհուած է «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն, Հայոց բարեկամ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնին։ Ան այս առթիւ X-ի իր հաշիւին կատարած երախտագիտութեան գրառման մէջ յատկապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ ակադեմականներ Անտրէյ Մաքինին եւ Միշէլ Զինքին, որոնք «Կաճառի գմբէթին տակ՝ բացի իմ պատմական աշխատանքներէն, անդրադարձան նաեւ Արցախի Հայութեան ի նպաստ իմ յանձնառութեան»։ 

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի յաջորդ թիւին մէջ յատուկ թղթածրար նուիրուած՝ Արցախի հայկական ժառանգութեան

Վերեւի լուրէն հեզ ոստում մը կատարելով նշենք, որ «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի Դեկտեմբերի թիւին մէջ տեղ տրուած է յատուկ թղթածրարի մը, նուիրուած՝ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան, «որու ճակատագիրը վտանգուած է Սեպտեմբերին Հայոց ցեղային զտումէն ի վեր Ազերիներու ձեռքը անցած ըլլալով», ինչպէս կը նշէ մեր բարեկամը՝ Պիւիսոն այս մասին ծանուցող մէկ այլ գրառման մէջ։