Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – «Լա Գռուա» օրաթերթը իր առաջին էջին հրատարակած է արցախեան ողբերգութեան տարելիցին նուիրուած մեծ լուսանկար մը

 

Ֆրանսական «Լա Գռուա» օրաթերթը Սեպտեմբեր 27-ի իր թիւին գրեթէ ամբողջ առաջին էջը յատկացուցած է Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցին, «Լեռնային Ղարաբաղ. անկարելի մոռացումը» խորագրով։ Թերթը յաջորդական երկու էջերն ալ յատկացուցած է արցախեան թղթածրարին։