Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Խայտառակութիւն՝ նախագահ Մաքրոնի ներկայութեան

Միսաք Մանուշեանի աճիւնին Պանթէոն փոխադրութեան առիթով՝ Փաշինեանի Փարիզ այցելութենէն օգտուելով՝ նախագահ Մաքրոն Հայաստանի վարչապետին ի պատիւ Էլիզէի պալատին մէջ սարքած ընթրիքին հրաւիրած է նաեւ CCAF-ի համանախագահներ՝ Մուրատ Փափազեանն ու Արա Թորանեանը, նաեւ՝ Փաշինեան-Փափազեան վէճը միանգամընդմիշտ հարթելու նպատակով, ինչպէս կ՚ըսուի ստորեւ։

Սակայն…

Սակայն, արդիւնքը եղած է խայտառակութիւն՝ նախագահ Մաքրոնի ներկայութեան, եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ՝ անոր ներգրաւումով։ Բուռն վիճաբանութիւններ ծայր առած են, որոնց միջամտած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահը։ Ստորեւ այս մասին ՀՅԴ-ի Փարիզի գրասենեակի պաշտօնական յայտարարութիւնը։ Նշենք, թէ «Հրապարակ» թերթը եւս պնդելով, թէ «Մուրատ Փափազեան իրենց կը հաղորդէ…», երեւոյթին արձագանգած է, բայց շատ աւելի «կծուով համեմուած»։ Մենք պիտի նախընտրենք մնալ ՀՅԴ-ի պաշտօնական յայտարարութեան սահմաններուն մէջ, սխալ, անհիմն կամ չափազանցուած դոյզն տեղեկութենէ խուսափելու համար։

Աւելցնենք, թէ այս մասին վարչապետ Փաշինեան առայժմ չէ արտայայտուած եւ յայտնի ալ չէ, թէ կ՚արտայայտուի՞, թէ՞ոչ։ Յամենայն դէպս, արտայայտուելու պարագային՝ բնականաբար տեղ կու տանք անոր տեսակէտին եւս։

«Թէժ զրոյց՝ Փաշինեանի եւ Փափազեանի միջեւ

Չորեքշաբթի օր, Փետրուար 21-ին, Ֆրանսայի Պանթէոնին մէջ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ վերայուղարկաւորութեան առիթով Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա գտնուելու հանգամանքէն օգտուելով, Հանրապետութեան նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն նախաձեռնած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ CCAF-ի (Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ) համանախագահներ՝ Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի շփումը: Այդ զրոյցը տեղի ունեցած է Էմանիւէլ Մաքրոնի ներկայութեամբ՝ Էլիզէեան պալատին մէջ կազմակերպուած ընթրիքի աւարտին։

Նախագահ Մաքրոն բացած է զրոյցը՝ յստակացնելով՝ Հայաստանի վարչապետին եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու շփումներու անհրաժեշտութիւնը, եթէ նոյնիսկ տարակարծութիւնները կրնան բաժնել զիրենք։ Նախագահ Մաքրոն բարձր գնահատած է Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի՝ Հայաստանի ի նպաստ կատարած աշխատանքը։ Ան ընդգծած է Հայաստանը պաշտպանելու անոնց վճռականութիւնը եւ Ֆրանսայի հայ համայնքը, Ֆրանսայի իշխանութիւններն ու քաղաքական բոլոր դերակատարները համախմբելու անոնց կարողութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահի խօսքերէն յետոյ Մուրատ Փափազեան ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը։ Դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին՝ CCAF-ի համանախագահը դատապարտած է իր նկատմամբ 19 ամիս տեւած Հայաստան մուտքի արգելքը, ինչ որ ի վերջոյ վերցուեցաւ Հայաստանի արդարադատութեան կողմէ։ Մուրատ Փափազեանը քննադատած է Նիկոլ Փաշինեանը այս խորապէս ոչ-ժողովրդավարական եւ պառակտող որոշումը կայացնելուն համար։

Մուրատ Փափազեան ընդգծած է այն տարակարծութիւնները, զորս կրնայ ունենալ Նիկոլ Փաշինեան իր հետ՝ միաժամանակ պնդելով զանոնք հրապարակաւ արտայայտելու իր իրաւունքը՝ ազատ եւ ժողովրդավարական վիճարկումի շրջանակին մէջ։ Ժողովրդավարութեան այս դասէն ակնյայտօրէն ջղայնացած Նիկոլ Փաշինեան բարկացած է եւ քննադատած Մուրատ Փափազեանը՝ Ֆրանսայի նախագահին առջեւ այս հարցը քննարկելուն համար։

Մուրատ Փափազեան յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահն իսկ է այս նախաձեռնութեան հեղինակը, եւ որ, հաւանաբար, Ֆրանսայի նախագահը միակ անձն է, որ կրնար կազմակերպել այս երկխօսութիւնը։

Այդ պատասխանէն ա՛լ աւելի զայրացած, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, թէ արգելած է Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան, որովհետեւ վերջինս 2021 Յունիս 1-ին Փարիզի մէջ ցոյց կազմակերպած էր իր դէմ։ Այս անհիմն պնդումը բազմիցս տարածած է Հայաստանի վարչապետի գրասենեակը եւ մշտապէս հերքուած Մուրատ Փափազեանի կողմէ։ Այնուամենայնիւ այդ զրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ կրկնած է այս մեղադրանքը, իսկ Մուրատ Փափազեան ալ անգամ մը եւս հերքած է զայն, միաժամանակ զարմանալով, որ Հայաստանի անվտանգութեան ծառայութիւնները այս մեղադրանքը չեն ներկայացուցած դատարան։

Մուրատ Փափազեան նաեւ բացատրած է, որ ցոյցի իրաւունքը արգիլուած չէ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ։ Ան զարմանք յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանի թոյլ փաստարկին եւ անոր արտայայտութիւններու խեղճութեան համար:

Զրոյցի աւարտին նախագահ Մաքրոն անկիւն մը առանձնացած է Հայաստանի վարչապետին հետ, որմէ ետք Փաշինեան Մուրատ Փափազեանին յայտնած է, որ իշխանութիւնները Հայաստան վերադառնալու իր իրաւունքը վերականգնելու որոշումին դէմ պիտի չբողոքեն։

ՀՅԴ Փարիզի գրասենեակ

2024 Փետրուար 23

***

«ՆՅ» – Հարկ կա՞յ ըսելու, թէ ինչպիսի պատկեր մը պարզուած է հայ ազգէն՝ Ֆրանսայի ամենաբարձր խաւին առջեւ եւ այն ալ Մանուշեանի Պանթէոն մուտքին առթիւ։ Իսկ ինչպէ՞ս արդէն չտեսնել մեր թշնամիներու հրճուանքը ի տես Էլիզէի պալատէն իսկ սփռուած պառակտման այս ներկայացման։