Ֆրանսայի մէջ եւրոպական ընտրութիւններուն՝ ծայրայեղ աջի տարած գրեթէ ջախջախիչ յաղթանակէն ետք, նախագահ Մաքրոն լուծած էր Ազգային ժողովը եւ խորհրդարանական նոր՝ արտակարգ ընտրութիւններ յայտարարած՝ Յունիս 30-ին եւ Յուլիս 7-ին։
Կիրակի, Յունիս 30-ին, Ա. փուլի ընտրութիւններուն՝ ինչպէս կը նախատեսէին հարցախոյզերը՝ Լը Փէն գերդաստանի ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնը, որ ներկայիս կը կոչուի «Ազգային համախմբում» («Rassemblement national – RN») եւ զոր կը գլխաւորէ Ժորտան Պարտելլա, կրկին արձանագրեց մեծ յաջողութիւն, հակառակ ձախակողմեան կուսակցութիւններու ստեղծած միասնական ճակատին, որ կոչուած է «Նոր ժողովրդական ճակատ»։
Կիրակի իրիկուն տակաւին ոչ-պաշտօնական բայց վստահելի առաջին արդիւնքներու համաձայն՝ «Ազգային համախմբում»-ը առաջին դիրքի վրայ հասած ու ստացած էր ձայներու շուրջ 33,2%-ը, «Նոր ժողովրդական ճակատ»-ը՝ 28,1%, իսկ նախագահ Մաքրոնի կուսակցութիւնն ու անոր շուրջ հաւաքուածները («Միասին» – « Ensemble »)՝ 21%։
Այս ընտրութիւններուն մէկ այլ կարեւոր ցուցանիշն ալ, բաղդատած վերջին տարիներու տուեալներուն՝ մասնակցութեան «շատ բարձր» տոկոսն է՝ շուրջ 65,8%։
Նշենք, որ այս առաջին փուլէն իսկ ընտրուելու համար թեկնածուները պարտէին ստանալ իրենց ընտրամասի ձայներու 50%-էն աւելին. իսկ անոնք որոնք չեն ընտրուած Ա. փուլէն, Բ. փուլին մասնակցիլ կարենալու համար պարտէին ձեռք ձգել ձայներու առնուազն 12,5%-ը։ Քանի որ արդիւնքները դեռ նախնական էին՝ կարելի չէր տալ առաջին փուլէն ընտրուածներու ստոյգ թիւ մը, որ կը գնահատուէր 65-էն 85-ի միջեւ, Ազգային ժողովի ընդհանուր 577 աթոռներուն համար։ Այլ կերպ բանաձեւած՝ վերջնական խօսքը կը մնայ երկրորդ փուլին։
Բայց եւ այնպէս, հիմնուելով առաջին փուլին թեկնածուներու ստացած ձայներուն եւ ընտրողներու քաղաքական տրամադրութիւններուն վրայ՝ հարցախոյզերու եւ նախատեսութիւններու ֆրանսական հանրածանօթ Ipsos հիմնարկը,– որ այս ընտրութիւններուն առթիւ կը գործակցի Talan-ի հետ,– հրապարակած է հետեւեալ նախատեսութիւնները Բ. փուլի ընտրութիւններուն համար, ուր ուշագրաւ է «Ազգային համախմբում»-ի Ազգային ժողովին մէջ բացարձակ մեծամասնութեան (289 աթոռ) տիրանալու հաւանականութիւնը։ Այսպէս, ըստ Ipsos-Talan-ի՝
– «Ազգային համախմբում»՝ 230-280 աթոռ,
– «Նոր ժողովրդական ճակատ»՝ 125-165 աթոռ,
– Նախագահական «Միասին» ճակատը՝ 70-100 աթոռ,
– «Հանրապետականները» եւ Զանազան աջ՝ 41-61 աթոռ,
– Զանազան ձախ («Նոր ժողովրդական ճակատ»-էն դուրս)՝ 11-19 աթոռ,
– Այլ՝ 22-30 աթոռ։
Նշենք, թէ առաջին արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք, նախագահ Մաքրոն եւ վարչապետ Աթթալ կոչ ըրին պատուար կանգնելու «Ազգային համախմբում»-ին առջեւ։ «Նոր ժողովրդական ճակատ»-ը արդէն պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ այն բոլոր ընտրամասերուն մէջ ուր «Ազգային համախմբում»-ի թեկնածուներ որակուած են Բ. փուլին համար եւ եթէ իրենք ունին երրորդ դիրքի վրայ հասած ու որակուած թեկնածուներ՝ պիտի քաշեն զանոնք։ Կամովին քաշուելու մասին նման անձնական յայտարարութիւններ ըրին այլ հոսանքներու պատկանող թեկնածուներ ալ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։