Search
Close this search box.

Ֆրանսա խստօրէն կը դատապարտէ Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ հայ համայնքին դէմ գործադրուած բռնութիւնները

Երուսաղէմի մէջ Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը X-ի իր էջին գրառումով խստօրէն դատապարտած է Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ հայ համայնքին դէմ գործադրուած բռնութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են վերջին ամիսներին  ծայրայեղականներու կողմէ բազմաթիւ յարձակումներէ ետք:

«Իսրայէլի իշխանութիւնները պատասխանատու են նման բռնարարքները կանխելու, ինչպէս նաև statu quo-ի որեւէ փոփոխութեան համար:

 Ֆրանսա կը վերահաստատէ իր զօրակցութիւնը Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայ համայնքին հետ եւ պիտի շարունակէ ամենայն ուշադրութեամբ հետեւիլ իրավիճակին»,– նշուած է հիւպատոսութեան գրառման մէջ: