Search
Close this search box.

«Ֆրանսա կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւններու արագ վերսկսման՝ Եւրոպական Միութեան եւ ԱՄՆ-ու զօրակցութեամբ»

Դեկտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անն-Գլեր Լըժանտր ողջունած է նախորդ օրուան՝ Հայաստանի ու Ազերպայճանի ղեկավարներուն միացեալ յայտարարութիւնը, յուսալով որ այս առաջին քայլն է՝ բանտարկուած անձերու, անհետացածներու ճակատագրի բացայայտման ուղղութեամբ։

«Ֆրանսա կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւններու արագ վերսկսման` Եւրոպական Միութեան եւ ԱՄՆ-ու զօրակցութեամբ: Կայուն խաղաղութիւնը կարելի կ՚ըլլայ, եթէ յարգուին միջազգային իրաւունքը, երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը»,– նշած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։