Ֆրանսայի Հայ դատի պաշտպանութեան յանձնախումբը (CDCA) հակազդելով վարչապետ Փաշինեանի՝ իր վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուբէն Վարդանեանի մասին ըսածին, հետեւեալ գրառումը հրապարակած է « X » ընկերային ցանցի իր հաշիւին.
« Ռուբէն Վարդանեան այս պահուն ձերբակալուած կը մնայ Պաքուի մէջ, չարչարանքներու կ՚ենթարկուի Ալիեւի անխիղճ գործակալներուն կողմէ։ Ան, ազերպայճանական քարոզչութեան գլխաւոր թիրախը կը հանդիսանայ։
Նիկոլ Փաշինեանի այս յայտարարութիւնները առնուազն անպատասխանատու են»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։