Արա Ահարոնեան եւ Անն Հիտալկօ կը ստորագրեն յուշագիրը. զիրենք կը շրջապատեն Եղիա եպիսկ. Եղիայեան, Անոյշ Թորանեան, Քարէն Թայէպ եւ Արման Խաչատրեան
Հայ կաթոլիկներու Փարիզի Ս. Խաչ աթոռանիստ եկեղեցին 2018-19-ին հիմնական նորոգութիւններէ ետք՝ իր «երիտասարդութեան» փայլքը վերագտնելու հունին մէջ մտած է, վերանորոգման առաջին փուլը աւարտած ըլլալով։ Ընդամէնը երեք փուլեր նախատեսուած են։ Առաջին փուլի նորոգութիւնները արժած էին 1,8 միլիոն եւրօ, որուն 620.000 եւրոյի բաժինը ստանձնած էր Ֆրանսայի հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան կողմէ՝ բարերար Արա Ահարոնեան, մնացեալ մասն ալ հոգացած էր Փարիզի քաղաքապետարանը, որուն համար կողմերը ստորագրած էին Բարերարութեան պայմանագիր մը, 2016 Յուլիսին։ 17-րդ դարուն կառուցուած տաճարը սակայն դեռ կարեւոր նորոգութիւններու կարիքն ունի։ «Վերանորոգման երկրորդ փուլ»-ը կը վերաբերի եկեղեցւոյ մէջ գտնուող երեք մատուռներուն՝ Ս. Անարատ Յղութեան, Ս. Փրանկիսկոսին եւ Ս. Թերեզին։ Նախատեսուած է 700.000 եւրոյի ծախս, որուն համար Փարիզի քաղաքապետարանը դարձեալ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է իր լուման բերելու, ինչպէս նաեւ Պրն Ահարոնեան 525.000 եւրոյի չափով։ Սոյն վերանորոգումներու մեկենասութեան յուշագիրը ստորագրուեցաւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6-ի յետմիջօրէին Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ։
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գլխաւոր ճակատը
Ստորագրման արարողութեան ներկայ էին բնականաբար՝ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ, Արա Ահարոնեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հայ կաթոլիկ համայնքի առաջնորդ Եղիա եպիսկ. Եղիայեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Արման Խաչատրեան, Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեան, հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Ժիլպէր Լեւոնեան, Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեան եւ հայ համայնքի այլ պատասխանատուներ, գործիչներ, շուրջ 40 հոգի։
Բացման խօսքը արտասանեց քաղաքապետուհին, որ վեր առնելէ ետք հայ համայնքին տեղն ու դերը մայրաքաղաքիս կեանքին մէջ, նշեց թէ քաղաքապետարանի պարտականութիւնն է կանգուն պահել, պահպանել քաղաքի մշակութային ու կրօնական մա՛նաւանդ պատմական կառոյցները, որոնց մաս կը կազմէ բնականաբար Սուրբ Խաչ եկեղեցին ալ։ Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց իր կցորդներէն՝ տիկին Քարէն Թայէպին՝ Ժառանգութեան պահպանութեան, Փարիզի պատմութեան եւ կրօններու հետ յարաբերութիւններու հարցերու պատասխանատուին, որ կարեւոր ներդրում ունեցած է այս ծրագրի իրագործման մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի խորհրդական Անոյշ Թորանեանին, որու դերակատարութիւնը նոյնպէս անուրանալի եղած է։
Քաղաքապետուհիին յաջորդեց Ֆրանսայի հայ կաթոլիկ եկեղեցին ներկայացնող, բարերար Արա Ահարոնեան, որ իր խօսքի առանցքին դրաւ «տուր՝ որ ստանաս» կարգախօսը, յատկապէս յիշելով՝ ներկայի դժուար ժամանակաշրջանին Արեւելքի մէջ դժբախտաբար հետզհետէ ստուարացող՝ տուժող քրիստոնեայ բնակչութիւնները, որոնք օգնութեան կարիքն ունին։
Կարեւոր է նաեւ յիշել, որ երկու կողմերու հասարակաց կամքն է Սուրբ Խաչ եկեղեցին դարձնել արուեստի ու երաժշտութեան տարածման վայր մը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Փարիզի քաղաքապետարանի մեկենասութիւնը ամրագրող յուշագրի ստորագութեան արարողութիւնը։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ եւ Ֆրանսայի հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ Արա Ահարոնեան։
Ջերմ ընդունելութեամբ մը վերջ գտաւ արարողութիւնը։
Ֆրանսահայ կաթոլիկ համայնքի Ս. Խաչ տաճարը կը գտնուի Փարիզի 4-րդ թաղամասի սրտին վրայ եւ կը հանդիսանայ անոր ճարտարապետական գոհարներէն մէկը։ Նշանաւոր է տաճարին երգեհոնը, զոր կառուցած է Գավայիէ-Գոլ (Cavaillé-Coll) 1855 թուականին, Փարիզի առաջիններէն մէկը, որուն վրայ հանդիսաւոր արարողութիւններ կատարած են յայտնի երաժիշտներ, ինչպէս՝ Սեզար Ֆրանք, Ժիւլ Մասընէ եւ Լէօ Տըլիպ։ Եկեղեցին ունի նաեւ երկու շատ ծանօթ արձաններ դպրաց դասու մուտքին մօտ՝ Սուրբ Փրանկիսկոս Ասիզացիի (Saint François d’Assise) սքանչացումը, գործ՝ Ժերմէն Փիլոնի, որ Վերածնունդի ֆրանսացի ամենամեծ քանդակագործներէն մէկն էր եւ Սէն-Տընին, քանդակուած՝ Մարսի եղբայրներուն կողմէ։ Եկեղեցին ունի նաեւ ծանօթ բազմաթիւ գեղանկարներ՝ կրօնական բնաբանով, որոնց այցելութեան կու գան քրիստոնէական արուեստի հետեւորդներու խումբեր։
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նշանաւոր երգեհոնը
Հոս աւելցնենք նաեւ որ եկեղեցւոյ երգեհոնին եւ հանդիսութիւններու սրահին վերանորոգումը կը մնայ երրորդ փուլին։ Ծախսերու ընդհանուր գումարը կը գնահատուի 600.000 եւրօ։
Ստորեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գոհարներէն փունջ մը։
Թ. Շ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։