Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդէ Կապանի եւ Սէն թ՚Էթիէնի կապերը

Սէն թ՚Էթիէնի քաղաքապետ Կաէլ Փերտրիուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Կապան։

Հիւրերը այցելած են քաղաքի ֆրանսախօսութեան ապագայ կեդրոնի վայրը, ծանօթացած՝ ընթացող աշխատանքներուն։

Հայաստանի մէջ Ֆրանսական հիմնարկի տնօրէն Կիյոմ Նարժոլէ X-ի իր հաշիւին գրած է, թէ այս հանդիպումը ցոյց կու տայ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ներուժը Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէն։

Հիւր պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի իր տուրքը մատուցած՝ նահատակներու յիշատակին։