Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Երեւանի քաղաքապետը Ֆրանսա կ՚այցելէ

Յունիս 26-ին Ֆրանսա ժամանած է Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան՝ Մարսիլիոյ, Լիոնի եւ Փարիզի իր պաշտօնակիցներուն հրաւէրով։

Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մարսիլիոյ մէջ կը մասնակցի Երեւան-Մարսիլիա գործակցութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, Լիոնի մէջ՝ ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան չորրորդ համաժողովին։ Ան հանդիպումներ կ՚ունենայ նշեալ երեք քաղաքներու  քաղաքապետերուն հետ:

Երեւանեան պատուիրակութեան անդամները կ՚այցելեն նաեւ քաղաքային տնտեսութեան կառավարման շարք մը կառոյցներ:

Նշենք, թէ սոյն այցելութիւնը կը տեւէ մինչեւ Յուլիս 7։