Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ–ՀԱՅԱՍՏԱՆ –Սեպասթիէն Լըգորնիւ.–  “Ֆրանսա պատուիրակութիւն մը պիտի ղրկէ Հայաստան՝ իրավիճակը գնահատելու համար”

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիէն Լըգորնիւ Սեպտեմբեր 27-ին Փարիզի մէջ ընդունած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Սուրէն Պապիկեանը։ հանդիպումին՝ Լըգորնիւ յայտնած է, թէ Ֆրանսա պատուիրակութիւն մը պիտի ղրկէ Հայաստան՝ Ազերպայճանի յարձակումէն ետք ստեղծուած սահմանային իրավիճակը գնահատելու համար։

Ֆրանսացի նախարարը Պապիկեանի հետ հանդիպման մասին Դիմագիրքի իր էջին գրած է.-

«Մենք քննարկեցինք Հայաստան-Ազերպայճան սահմանային իրավիճակը, ուր ռազմական գործողութիւններուն պէտք է վերջ տրուի եւ ազերպայճանական ուժերը պէտք է վերադառնան իրենց նախկին դիրքերը»։