Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Մահ՝ Կրընոպլի Հայ մշակոյթի տան հիմնադիրներէն Ալպեր Գալաճեանի

Ալպեր Գալաճեան եւ Ժան Մարանճեան՝ 1981-ին, Կրընոպլի հայոց ակումբի ընտրութիւններուն

 

Կրընոպլի եւ Տոֆինէի Հայ մշակոյթի տունը կը տեղեկացնէ.

«Խոր ցաւով իմացանք Կրընոպլի եւ Տոֆինէի Հայ մշակոյթի տան հիմնադիրներէն Ալպեր Գալաճեանի մահը։ 

Ալպեր Գալաճեան երեք անգամ ստանձնած է Կրընոպլի հայոց ակումբի նախագահութիւնը, իսկ Կրընոպլի եւ Տոֆինէի Հայ մշակոյթի տան նախագահութիւնը՝ 1991-1993-ին եւ 2004-2005-ին։ 

Ան իր բոլոր ջանքերը ներդրած է ի խնդիր հայ մշակոյթի պահպանութեան եւ Հայաստանի ի նպաստ գործունէութեանց։ Անոր անսակարկ յանձնառութիւնը յաւերժ դրոշմուած պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ։

Մեր անկեղծ ցաւակցութիւնները՝ ընտանիքին եւ հարազատներուն»։