Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Մահ՝ Ռեմոն Եզեկէլեանի

 

Ցաւով տե­­ղեկա­­ցանք, թէ 89 տա­­րեկա­­նին իր մահ­­կա­­­նացուն կնքած է գա­­ղու­­թիս ծա­­նօթ դէմ­­քե­­­րէն փաս­­տա­­­բան, գոր­­ծա­­­րար եւ բա­­րերար Ռե­­մոն Եզե­­կէլեան։ 

Ան շատ սերտ կա­­պեր հաս­­տա­­­տած էր Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ իր ար­­հեստին բե­­րու­­մով ալ՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի Փաս­­տա­­­բանա­­կան կա­­ճառին հետ։ Իր հիմնական ար­­հեստին զու­­գա­­­հեռ՝ ծա­­ւալած է զբօ­­սաշրջա­­կան ոլոր­­տէն ներս գոր­­ծա­­­րարա­­կան աս­­պա­­­րէզ, պան­­դոկներ բա­­նեց­­նե­­­լով ափ­­րի­­­կեան հե­­ռաւոր Գոթ տ՚Իվո­ւառէն մին­­չեւ Փա­­րիզ ու Երե­­ւան, ինչ որ իրեն ապա­­հոված է նիւ­­թա­­­կան բա­­րեկե­­ցու­­թիւն եւ թոյլ տո­ւած կա­­տարել բա­­րեսի­­րական բազ­­մա­­­թիւ նա­­խաձեռ­­նութիւններ՝ յատ­­կա­­­պէս հայ­­րե­­­նի ու­­սա­­­նող­­նե­­­րու կրթա­­թոշակ­­ներ, նո­­րըն­­ծայ փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու Ֆրան­­սա­­­յի մէջ վար­­ժընթաց­­ներու հովանաւորում, վի­­րաւոր զի­­նուոր­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու օգ­­նութիւն…։ Ան նաեւ բա­ւական կա­րեւոր նիւ­թա­կան նպաստ ապա­հոված է “Nouvelles d’Arménie Magazine”-ին իր պան­դոկնե­րու առատ ծա­նու­ցումնե­րով։ Եզեկէլեան նաեւ վեր­ջին քա­նի մը տա­րինե­րու ըն­թացքին նա­խաձեռ­նած էր «Նո­յեան Տա­պան» ֆրան­սե­րէն-անգլե­րէն առ­ցանց թեր­թի հրա­տարա­կու­թեան, որ կ՚առա­քուի անվճար յատ­կա­պէս իր բա­րեկամ­նե­րու շրջա­նակին, բայց ոչ միայն։ ■