Նոյեմբեր 22-ին, իր աւարտին կը հասնէր «Կարմիր շաբաթ»-ը, նուիրուած՝ աշխարհիս հալածուած քրիստոնեաներուն. աղօթական հսկումներ, կարմիրով լուսաւորուած կառոյցներ, որոնցմէ նշենք Փարիզի Notre Dame-ը (Աստուածամօր տաճարը), Լուրտի ուխտատեղին, Սպանիոյ մէջ Sagrada Familia-ն (Սուրբ ընտանիք տաճարը): «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը համայն աշխարհի մէջ համախմբեց հազարաւոր քրիստոնեաներ՝ զանոնք հրաւիրելով աղօթքի, իրենց հաւատքին համար հալածուած քրիստոնեաներուն համար:
Այս տարուան «Կարմիր շաբաթ»-ը՝ 15-րդը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 17-22, Ֆրանսայի Աժաքսիօ, Ռէն, Վերսայլ եւ հուսկ Փարիզ քաղաքներուն մէջ:
Այս տարուան մասնակից վկաները կը ներկայացնէին Փաքիստանը, Պուրքինա Ֆասօն եւ Հայաստանը։ Հայաստանը, յատկապէս Արցախի աղէտն ու արցախահայութեան տառապանքը ներկայացուց Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ՝ Հ. Համազասպ վրդ. Քէշիշեան:
Համազասպ վրդ. Քէշիշեան
Հ. Համազասպ իր վկայութեան մէջ ներկայացուց Արցախի առնչուող անցեալ չորս տարիներու աղէտալի դէպքերը, օրինակներով նկարագրելով պատահարները եւ կատարուածը բնորոշելով որպէս «Ցեղային զտում»:
Ան ներկայացուց նաեւ արցախահայ գաղթականներու կեանքը Հայաստանի մէջ: Սակայն շեշտեց որ ներկայիս ամբողջ Հայաստանը եւ յատկապէս Սիւնիքը վտանգի տակ է, քանի որ Ազերպայճան կը սպառնայ զայն կցել իր տարածքին որպէս «արեւմտեան Ազերպայճան», ու ամէն միջոց կը բանեցնէ իրականացելու համար Թուրքիոյ երազած փանթուրքական ծրագիրը: Հայաստանի սահմանները անապահով կը մնան եւ խաղաղութեան ու արդար լուծումներու նշոյլներ չեն նշմարուիր:
Հ. Համազասպ մանրամասնօրէն ներկայացուց նաեւ Արցախի մէջ ներկայիս տեղի ունեցող մշակութային ցեղասպանութիւնը, ձեռամբ՝ ազերիներուն, նշելով որ Արցախի մեր ամբողջ սրբազան ու մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է:
“Այսօր հայերս բացի աղօթքէն, կարիքն ունինք զօրակցութեան, որպէսզի կարենանք ապրիլ խաղաղ, մեր երկիրը մնայ ապահով, տիրանանք մեր արդար իրաւունքներուն, յատկապէս արցախահայութիւնը կարենայ իր հազարամեայ հայրենաւանդ հողերուն վրայ ապրիլ ու գոյատեւել”,– աւելցուց ան:
Հայր Սուրբը համայն հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրասնային, ֆրանսացիներուն եւ մասնաւորապէս «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութեան՝ որոնք զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերեցին Արցախի մեր հայրենակիցներուն եւ կը շարունակեն այդ մարդասիրական մեծ գործը, ինչպէս նաեւ հրաւիրելով մեզ այս հսկումի ու աղօթքի երեկոներուն՝ առիթ ընծայեցին որպէսզի արեւմուտքը եւ յատկապէս ֆրանսացի ժողովուրդը մօտէն տեղեկանայ եւ իրազեկ դառնայ Արցախի կորուստին եւ արցախահայութեան ապրած ողբերգութեան:
Տարբեր լրասփիւռներ, հեռատեսիլի ընկերութիւններ եւ ձայնասփիւռներ անդրադարձան հսկումի արարողութեանց, հարցազրոյց ունեցան վերոնշեալ երկիրներու վկաներուն հետ ու հաղորդեցին աշխարհի չորս կողմը իրենց հաւատքին համար հալածուած քրիստոնեաներու տառապալի կեանքին մասին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։