Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Յաս­միկ Տոլ­մա­ջեան եւ Յով­հաննէս Գէոր­գեան՝ Հօ-տը-Ֆրանսի Շրջանային խորհուրդի լիագումար նիստի յատուկ հիւրերը

Փետրուար 1-ին, Ֆրան­սա­յի Հօ-տը-Ֆրանս շրջա­նի խոր­հուրդի նա­խագահ Զա­վիէ Պերթրա­նի հրա­ւէրով, Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Յաս­միկ Տոլ­մա­ջեան եւ Ար­ցա­խի ներ­կա­յացու­ցիչ Յով­հաննէս Գէոր­գեան մաս­նակցե­ցին Խոր­հուրդի այս տա­րուան առա­ջին լիագու­մար նիս­տին եւ ելոյթ ունեցան։ Նիստի ըն­թացքին նա­խագահ Պերթրան եւ խոր­հուրդի ան­դամնե­րը վե­րահաս­տա­տեցին իրենց ամ­բողջա­կան զօ­րակ­ցութիւ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի ժո­ղովուրդին՝ դա­տապար­տե­լով Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին նկատ­մամբ ազեր­պայճա­նական ոտնձգու­թիւննե­րը եւ Ար­ցա­խահա­յու­թեան դէմ գոր­ծուած ցե­ղային զտու­մը։ 

Շրջա­նի խոր­հուրդը նաեւ միաձայ­նութեամբ աջակ­ցութիւն յայտնեց Յու­նուար 17-ին Ծե­րակոյ­տի ըն­դունած բա­նաձե­ւին, որով վեր­ջինս կը դա­տապար­տէր Ար­ցա­խի վրայ Ազեր­պայճա­նի գոր­ծած ռազ­մա­կան յար­ձա­կու­մը եւ կը պա­հան­ջէր երաշ­խա­ւորել հայ բնակ­չութեան՝ Ար­ցախ վե­րադար­ձի իրա­ւունքը։ ■