Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Վարչապետ նշանակուեցաւ Միշէլ Պարնիէ

Կեդրոնը՝ Փեքրէսի աջին՝ Պարնիէ, 2021-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ

Առանց վար­չա­պետի 51 օրե­րէ, ան­հատնում բա­նակ­ցութիւննե­րէ ետք, Սեպ­տեմբեր 5-ին վեր­ջա­պէս յայ­տա­րարուեցաւ այդ պաշ­տօ­նին նշա­նա­կուած ան­ձին անու­նը՝ Մի­շէլ Պար­նիէ։ 

Ան կը պատ­կա­նի «Հան­րա­պետա­կան­ներ» կու­սակցու­թեան եւ այ­սուհե­տեւ պի­տի ու­նե­նայ Ֆրան­սա­յի՝ նշա­նակուող ամէ­նէն տա­րիքոտ վար­չա­պետը ըլ­լա­լու յատ­կա­նիշը. 73 տա­րեկան է։

Անոր նշա­նակու­մը ար­դէն բա­ւական մեծ աղ­մուկ բարձրա­ցու­ցած է ձա­խակող­մեան, յատ­կա­պէս ծայ­րա­յեղ ձա­խակող­մեան­նե­րու՝ LFI-ի եւ հա­մայ­նա­վար­նե­րու շար­քե­րուն մէջ, որոնք երես­փո­խանա­կան վեր­ջին ընտրու­թիւննե­րուն՝ Ազ­գա­յին ժո­ղովին մէջ,– բո­լորը միասին,– մե­ծագոյն թի­ւով աթոռ­ներ ձեռք ձգած էին։ Եւ այս հան­գա­ման­քը նկա­տի ու­նե­նալով՝ մին­չեւ վեր­ջին պա­հը սին յոյ­սե­րով կ՚ակնկա­լէին, որ նա­խագահ Մաք­րոն վար­չա­պետ կը նշա­նակէ իրենց շար­քե­րէն մէ­կը։ 

Յա­մենայն դէպս, ծայր աս­տի­ճան բարդ պայ­մաննե­րու մէջ, ինքնին ար­դէն ծանր այս պաշ­տօ­նին կը նշա­նակուի Մի­շէլ Պար­նիէ, որ պի­տի ստի­պուի, ինչպէս կ՚ըսեն ժո­ղովրդա­կան լե­զուով, ծայ­րա­յեղ ձախէն՝ ծայ­րա­յեղ աջ բո­լորին հետ լե­զու գտնե­լու, մէ­կուն սեւ, միւ­սին ճեր­մակ կո­չածին գտնելու մի­ջին եզ­րեր, դեռ առանց նկա­տի ու­նե­նալու ան­ցեալէն յա­մեցող եւ երկրին հա­մար ճա­կատագ­րա­կան բնոյ­թի այլ հար­ցե­րը…

Պար­նիէ՝ Ազեր­պայճա­նի կող­մէ ան­ցանկա­լի անձ հռչա­կուած՝ հա­յոց բա­րեկա­մը

Մի­շէլ Պար­նիէ 2021-ին Վա­լերի Փեք­րէ­սի եւ Պրիւ­նօ Ռը­թայո­յի ըն­կե­րակ­ցութեամբ այ­ցե­լած էր Հա­յաս­տան, ապա նաեւ՝ Ար­ցախ, ուր անոնք հան­դի­պում ու­նե­ցած էին նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեանի հետ, որ այ­սօր կը գտնուի Պա­քուի բան­տե­րէն մէ­կուն ճա­ղերուն ետին, Ար­ցա­խի շատ մը ու­րիշ ղե­կավար­նե­րու նման։ 

Անոնց այս այ­ցը Ար­ցախ՝ պատ­ճառ եղած էր որ Ազեր­պայճան անոնց անուննե­րը եւս աւելցնէ իր նշա­նաւոր «սեւ ցանկ»-ին մէջ։ 

Այդ այ­ցե­լու­թե­նէն վե­րադար­ձին՝ Պար­նիէ, Ռը­թայօ եւ Փեք­րէս միաս­նա­բար բաց նա­մակ մը ստո­րագ­րած էին «Ժուռնալ տիւ Տի­մանշ»-ի մէջ, ֆրան­սա­կան պե­տու­թեան եւ ԵՄ-ի իշ­խա­նու­թեանց կոչ յղե­լով չլքե­լու Հա­յաս­տա­նը, զոր կը նկա­տեն «քոյր եր­կիր» եւ յատ­կա­պէս կ՚ընդգծէին որ մեր եր­կու ազ­գե­րու քա­ղաքակրթու­թեանց նմա­նու­թիւննե­րը մեզ կը միաւորեն։ ■