Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Փարիզեան շրջան – Աթաթիւրքի կիսանդրիի բացում կամ՝ ինչպէ՞ս ինքզինք կ՚արդարացնէ քաղաքապետը

Փարիզեան հիւսիսային արուարձաններէն Էփինէ-սիւռ-Սէնի մէջ Հոկտեմբեր 26-ին բացումը կատարուած է Աթաթիւրքի կիսադրիին։ 

Տրապիզոնի եւ շրջակայքի թրքական հայրենակցական միութեան տարածքին մէջ տեղադրուած այս կիսանդրիին մասին BFM-ի լրագրող Ֆլորան Պասքու կը գրէ, թէ  քաղաքապետ Հերվէ Շըւրօ Մայիսին ստորագրած է անոր տեղադրման արտօնութիւնը բովանդակող փաստաթուղթ մը։ Հոս անմիջապէս նշենք, որ յիշեալ միութեան շէնքն ու շուրջի բակն ալ տրամադրած է  քաղաքապետարանը։

Այդ փաստաթուղթին մէջ քաղաքապետը որպէս իր հաւանութեան ներկայացուած առաջարկին ընդառաջելու դրդապատճառ կը յիշէ Աթաթիւրքի բարեմասնութիւնները՝ անոր կողմէ ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան, աշխարհականութեան հաստատումը կամ կիներուն՝ քուէարկելու իրաւունքի շնորհումը։ «Այս արժէքները համահունչ են այն արժէքներուն, զորս կը կրէ մեր երկիրը»,– գրած է քաղաքապետը, բոլորովին անտեսելով դատապարտելի մնացեալը։ Կարծէք այդ քանի մը բարեմասնութիւններու տէր «մեծարեալը» չըլլար Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակողը, անոր ժխտման հեղինակը, նաեւ յոյն եւ քիւրտ ժողովուրդներու դահիճը։ Այս մասին CCAF-ի նախազգուշացումներուն ու որոշումը յետս կոչելու կոչերուն ալ քաղաքապետարանը պատասխանած է, որ նախաձեռնութիւնը «անհատական» բնոյթ կը կրէ։

 

 

Բայց, եկէք տեսէք, որ այս «անհատական«-ը այնքան ալ «անհատական» չէ։ Արդարեւ, ամիս մը առաջ Հերվէ Շըւրօ Տրապիզոն այցելած է (եւ դեռ չենք գիտեր՝ ինչպիսի՞ պայմաններու տակ), ուր ան վերոնշեալ միութեան նախագահ Պիւլենթ Ճումուրի ուղեկցութեամբ հանդիպում ունեցած է տեղւոյն շարք մը բարձաստիճան դէմքերուն, ինչպէս օրինակ՝ Տրապիզոնի կուսակալին հետ:

Պիւլենթ Ճումուր եւ Հերվէ Շըւրօ՝ Տրապիզոնի մէջ

Լրատւութիւնը եզրափակելու համար նշենք, որ Ֆրանսայի տարածքին տեղադրուած՝ Աթաթիւրքի առաջին յուշարձանն է այս մէկը։ 

***

«ՆՅ» – Հայերս սովորութիւն դարձուցած ենք յաճախ մեզ կամ մեր քայլերը բաղդատել հրեաներու կամ անոնց նախաձեռնութիւններուն, դիրքորոշումներուն հետ։ Այս պարագային ալ՝ անխուսափելիօրէն մեր միտքը կը խարազանէ հետեւեալ հարցադրումը։ Արդեօք կարելի պիտի ըլլա՞ր ֆրանսական հողին վրայ հրէից Ողջակէզի ոեւէ հեղինակի (ամենամեծ[եր]էն՝ ամենափոքր[եր]ը) կիսանդրին տեղադրել, առաջ քշելով տուեալ դահիճին բարեմասնութիւնները (ի վերջոյ՝ որքան ալ հրէշային, անկասկած անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած ըլլալու է քանի մը բարեմասնութիւն)։ 

Այլ հարց մըն ալ՝ հետեւեալը. յատկանշական է Աթաթիւրքի կիսանդրիին վրայ՝ անոր նշանաւոր «Խաղաղութիւն՝ երկրիս, խաղաղութիւն՝ աշխարհի մէջ» կարգախօսին փորագրումը։ 

Ցաւալի է հաստատել, որ այդ խօսքերու արտասանուելէն հարիւր տարի ետք Ֆրանսայի մէջ դեռ կայ ջախջախիչ մեծամասնութիւն մը (ի դէպ՝ ո՛չ միայն ֆրանսայի մէջ), որ չէ ըմբռնած թրքական քաղաքական մայր գիծը, որ կը կայանայ մէկ կողմէն արտաքին աշխարհին բարեացակամ խօսքերով դիմելու, բայց միւս կողմէն՝ գործնականօրէն բոլորովին հակոտնեայ վարք դրսեւորելու մէջ։ Այլ խօսքով, թուրք բարձրաստիճան ղեկավար մը վեհաժողովի մը, համաժողովի մը ընթացքին կամ յաջորդող մամլոյ ասուլիսին կրնայ խաղաղութեան անո՜ւշ խօսքեր շռայլել եւ նոյն ժամերուն իսկ իր երկիրը կրնայ ներխուժել Սուրիա, Իրաք եւ անուղղակի կերպով այլ երկիրներ ալ, ինչպէս՝ Արցախ ու Հայաստան։ Այսօր ալ այս քաղաքականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչն է Էրտողան. անոր գործունէութեան մօտէն հետեւողները լաւ գիտեն։ 

Այսքան դիւրին պէտք չէ ըլլայ գեղեցիկ խօսքերով մարդ խաբելը։ 

Խմբագրական