Փետրուար 8-ին, Ֆրանսախօսութեան մնայուն խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշում կայացուցած է 2027 թուականի Ֆրանսախօսութեան մարզամշակութային խաղերու կազմակերպման իրաւունքը շնորհելու Երեւանին:
Կը սպասուի խաղերուն համար աւելի քան 50 պատուիրակութիւններու (շուրջ 4.000 հոգիի) Երեւան ժամանումը։
Նշենք, թէ 2023 Դեկտեմբեր 14-ին վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած էր Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան տնօրէն Գարոլին Սէն թ՚Հիլերի հետ եւ քննարկած՝ 2027-ին խաղերը Երեւանի մէջ հիւրընկալելու նպատակով Հայաստանի ներկայացուցած դիմումը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։