Չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2023
Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի նախաձեռնութեամբ, Արցախի բնակչութեան աջակցելու համախոհ Իլ-տը-Ֆրանս, Օվերնեը-Ռոն-Ալփ, Օ-տը-Ֆրանս, Օքսիթանիա եւ Փէի տը լա Լուառ շրջաններուն միացած են Ֆրանսայի տեղական կառավարման բազմաթիւ իշխանութիւններ՝ հրատապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր պաշարուած այս տարածքին։
Անոնց կողմէ վարձուած բեռնակառքերու առաջին շարասիւնը մօտ օրէն պիտի մեկնի Երեւանէն դէպի սահմանամերձ Կոռնիձոր գիւղ, ուր պիտի միանայ Հայաստանի կառավարութեան ուղարկած եւ Արցախցիներու համար առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով բեռնուած քսան բեռնատարներու խումբին: Անցեալ Յունիս 15-էն ի վեր Ազերպայճանի զինուած ուժերը թոյլ չեն տար որեւէ բան անցընել՝ ո՛չ պարէնային օգնութիւն, ո՛չ դեղորայք, ո՛չ բժշկական շարասիւն։
“Մեզ կը մտահոգէ Ազերպայճանի զինուած ուժերուն կողմէ Լաչինի միջանցքի յամառ փակումը, ինչ որ զգալիօրէն կը խոչընդոտէ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը։ Մենք կոչ կ՚ընենք Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ Լաչինի միջանցքով ազատ անցք թոյլ տալու մասին Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը”,– նշած է խնդրոյ առարկայ տեղական համայնքներու ներկայացուցիչներէն մէկը։
Այս բեռնակառքերը կը հանդիսանան նախամուտը ֆրանսական տեղական իշխանութիւններու համախոհութեան կողմէ գանձատրուող աւելի ստուար շարասիւնի մը, որ Օգոստոսի վերջ պիտի միանայ միւսներուն, Կոռնիձորի մէջ: Կ՚ակնկալուի, որ այդ շարասիւնին ընկերակցի նաեւ Արցախցիներու ի նպաստ մարդասիրական նախաձեռնութեան աջակցող ֆրանսացի ընտրեալներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։