Փետրուար 22-ի իրիկունը Ֆրանսայի Բանակներու նախարար Սեպասթիէն Լըքոռնիւ ժամանած է Հայաստան։ Ան յաջորդ օրը տեսակցած է իր պաշտօնակից Սուրէն Պապիկեանի հետ։ Երկու նախարարները Պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ շարք մը պայմանագրեր ստորագրած են։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը՝ հայ եւ ֆրանսացի լրագրողներու մասնակցութեամբ։
Նախարար Լըքոռնիւ նշած է, թէ Հայաստան նախորդ օրը (Փետրուար 22-ին) արդէն ստացած է պաշտպանական նշանակութեան սարքաւորումներու առաջին խմբաքանակը եւ շուտով պիտի ղրկուին նաեւ «Պասթիոն» կառքեր։ “Չեմ ուզեր խորանալ թէ ի՛նչ սարքաւորումներ պիտի ղրկուին, բայց կ՚ուզեմ շեշտել, թէ բոլորն ալ պաշտպանութեան կը ծառայեն, որովհետեւ այս տարածաշրջանին մէջ առաջնահերթ է թէ՛ բնակչութեան, թէ՛ սահմաններու պաշտպանութիւնը”,– ըսած է ֆրանսացի նախարարը, ընդգծելով, թէ ոեւէ մէկը չի կրնար քննադատել Հայաստանի բանակը՝ իր պաշտպանութեան կարողութիւնները հզօրացնելուն համար։
Անդրադառնալով Հակօդային պաշտպանութեան համակարգերուն (ՀՕՊ), նախարարը ըսած է, թէ եթէ Հայաստան անոնց կարիքը ունենայ ՀՕՊ հրթիռներ եւս կը տրամադրուին։ Ան տեղեկացուցած է, թէ նախարար Պապիկեանի հետ խօսած են մասնաւորապէս «Միսթրալ» հրթիռներու մասին։
Ֆրանսացի լրագրողի մը հարցումին, թէ արդեօք Հայաստան Ազերպայճանի կողմէ վտանգ կը զգա՞յ եւ այդ է որ Երեւանը կը ստիպէ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ նոր պայմանագիր կնքելու, նախարար Պապիկեան պատասխանած է. “Հայաստան զէնք-զինամթերք կը գնէ իր սեփական տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու նպատակով։ Հայաստանի գնած զէնքը ուղղուած չէ որեւէ երկրի դէմ։ Վտանգ կա՛յ, չեմ կրնար հերքել։ Վտանգը տեսանելի է առկայ հռետորաբանութենէն։ Մենք պարտաւոր ենք պաշտպանելու մեր ինքնիշխանութիւնը։ Անկախ անկէ, թէ յառաջիկային խաղաղութեան պայմանագիր կնքելէ ետք ի՛նչ անվտանգային իրավիճակ կ՚ունենանք՝ Հայաստան պիտի շարունակէ պաշտպանական զէնք-զինամթերքի գնումը եւ մեր այսօր (Փետրուար 23-ին) ստորագրած պայմանագրերը այդ մասին են”։
Նախարար Լըքոռնիւ իր կարգին նաեւ յայտնած է, թէ Հայաստանի զինուած ուժերու զարգացման տեսակէտէն կարեւոր բաղադրիչ է նաեւ վերապատրաստումը։ Ան աւելցուցած է, թէ հայկական զինուած ուժերու վերապատրաստման վերաբերեալ եւս փաստաթուղթ ստորագրած են, որու ծիրէն ներս Ֆրանսայի մէջ կը վերապատրաստուին Հայաստանի բանակի սպաները։
“Ֆրանսայի ռազմական դպրոցները ձեր տրամադրութեան տակ են, որպէսզի կրթէք սպայական անձնակազմը։ Մենք շատ արագ պիտի սկսինք վերապատրաստման բոլոր գործընթացները”,– յայտնած է ան։
Մամլոյ ասուլիսի աւարտին ֆրանսացի նախարարը՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան շրջափակին մէջ իր անունով եղեւին տնկած է։
Նախարար Լըքոռնիւ նոյն օրը հանդիպում ունեցած է նաեւ վարչապետ Փաշինեանի հետ։ Կողմերը քննարկած են պաշտպանական համագործակցութեան ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագրերը: Հայաստանի զինուած ուժերու բարեփոխումներու շրջանակին մէջ ընդգծուած է երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութիւնը՝ ռազմական կրթութեան, մարտական պատրաստութեան եւ այլ ուղղութիւններով:
Նախարար Լըքոռնիւ իր պաշտօնակից Պապիկեանի եւ ֆրանսացի խորհրդարանականներուն հետ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։ Նախարարները ծաղիկներ զետեղած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ:
Փետրուար 23-ի երեկոյեան Նախարար Լըքոռնիւի՝ Հայաստան կատարած պաշտօնական այցը աւարտած է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։