Search
Close this search box.

Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի ԱԳ նախարարները Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու կոչ ըրած են

Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարարները «Վեյմարեան եռանկիւն»-ի (« Triangle de Weimar ») շրջանակին մէջ կայացած հանդիպման աւարտին միատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակած են, ուր անդրադարձ կայ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին։

«Կոչ կ՚ընենք արդար եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու Հարաւային Կովկասի մէջ ու կ՚օժանդակենք Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդական ջանքերուն, որոնք ուղղուած են նպաստելու Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջև երկխօսութեան։ Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի պետութիւններու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»,– յատկապէս նշուած է յայտարարութեան մէջ։