Արման Խաչատրեան
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակուած է Արման Խաչատրեան (նստավայրը՝ Փարիզ)։
Նորանշանակ դեսպանը նախապէս Եւրոպայի խորհուրդի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչն էր։ Ան կը փոխարինէ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանը, որ նշանակուած է Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու առընթեր Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ (նստավայրը՝ Ժընեւ)։
Հայաստանի նախագահի հրամանագրերով Վլադիմիր Կարապետեան՝ Իտալիոյ, Ռուբէն Սողոյեան՝ Իրաքի, Սուրէն Բաղդասարեան՝ համատեղութեան կարգով Լաոսի, Ծովինար Համբարձումեան՝ Պուլկարիոյ, Արմէն Սարգսեան՝ Եգիպտոսի, Արմէն Պապիկեան՝ Եւրոպայի խորհուրդի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ (նստավայրը՝ Սթրազպուրկ), Անդրանիկ Յովհաննիսեան՝ Աւստրիոյ մէջ դեսպան նշանակուած են։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։