Օգոստոս 18-ին, Տուշիի իր բնակարանին մէջ շրջապատուած երեք զաւակներով, 88 տարեկանին կեանքին հրաժեշտ տուած է ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան Ալէն Տըլոն։
Ան յատուկ զգայնութիւն ունէր Հայաստանի նկատմամբ։
2012 Դեկտեմբեր 17-ին, Տըլոն Երեւան այցելած էր մասնակցելու «Շնորհաւոր Նոր տարի, մայրեր» (Bonne Année, les mamans ! ) ֆրանքեւռուսական միատեղ արտադրութեան ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութեան առիթով։ Նոյն օրը ան այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին։
Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան X-ի իր հաշիւին կը գրէ.
«Ալէն Տըլոն, ֆրանսական շարժարուեստի առասպելական անունը, որ հարիւրմիլիոնաւոր անձերու երազանք շնորհած է ամբողջ աշխարհի մէջ, վերջին Սամուրայը, իր մահկանացուն կնքեց։ Ան յաւիտենապէս պիտի մարմնաւորէ ֆրանսական զգայնութիւնը, նրբագեղութիւնը։
Խորապէս յուզուած ենք»։
Դեսպանուհին գրառումին կցած է Տըլոնի եւ Ազնաւուրի պատկերը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։