Search
Close this search box.

Ֆրանքեւհայկական գործակցութեան արգասիքը

 

Մատենադարանի, ֆրանսական Œuvre d’Orient կազմակերպութեան եւ «Մատենադարանի բարեկամներ» բարեսիրական հիմնադրամի միջեւ գոյացած գործակցութեան շնորհիւ լոյս կ՚ընծայուի «Միջնադարի արքայական գոյնը. Կիլիկեան մանրանկարչութեան գանձը» խորագրով երկլեզու (ֆրանսերէն, անգլերէն) պատկերագիրքը՝ Սաթենիկ Չուգասզեանի հեղինակութեամբ։

Այսպէսով, Մատենադարանի հաւաքածոյին մաս կազմող 13-րդ դարու կիլիկեան արքունի մանրանկարչութեան լաւագոյն նկարազարդ աւետարաններէն մէկը առաջին անգամ ըլլալով պատկերագիրք-ուսումնասիրութեան տեսքով պիտի ներկայացուի հայ եւ միջազգային հանրութեան լայն շրջանակներուն։